Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը CBC-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ թուրք-ատրպէյճանական սադրանքներուն մասին

Հոկտեմբեր 7-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեան, Գանատայի հանրային հեռուստաընկերութեան՝ CBC-ի Power and Politics հաղորդաշարի ընթացքին բացատրեց Արցախի պատերազմի ծալքերը։ Հաղորդավար Վասի Քափելոսի հետ կայացած ուղիղ եթերով հարցազրոյցի ընթացքին, Շահէն Միրաքեան բացայայտեց թուրք-ատրպէյճանական սադրանքները եւ անդրադարձաւ Գանատայի կառավարութեան Թուրքիոյ զէնքի վաճառքի կասեցման հարցին։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիա աջակցելով նախայարձակ Պաքուին, այլեւս կը դառնայ հակամարտութեան չորրորդ կողմը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.