Բարձրագոչ բառերով իրաւունք չի սահմանուիր, երկիր չի պահուիր եւ չի վերականգնիր

Մարք Յարութիւնեան

Երեւան 

Եւ ամբոխամիտ ու ամբոխավար մարդիկ երբեմն ամբոխի գլուխն անցնելով, որ մի շատ հեշտ բան է, տիրում են ժողովրդին ու նրան գցում զանազան կրակների ու կռիւների մէջ, որ նա չի էլ երազել:

Յովհաննէս Թումանեան

 

            Այնքա՜ն բազմաթիւ են Յովհաննէս Թումանեանի 150ամեակը նշող հանդիսութիւնները… Բայց ինչե՜ր ըսած է ան, խօսքեր՝ որոնց քովէն կ’անցնինք եւ չենք լսեր…

            Ասմունքի հանդիսութիւնները յուզիչ են եւ օգտակար՝ ծափեր խլելու համար: Բայց բանաստեղծին իմաստութիւնը դպրոց է ողջախոհութեան, եթէ աշակերտենք անոր, ինչ որ կարեւոր առաքինութիւնը պէտք է ըլլայ առաջնորդին:

            Արեւաշող օրեր են Երեւան: Բայց երկրի ապահովութեամբ, վերականգնումով եւ ապագայով մտահոգ հայուն համար արեւաշողը աննկատ կը մնայ: Սոսկ Ճաշարաններով եւ տուրիզմով չտարուող հայը, հայաստանաբնակ թէ սփիւռքահայ, ականատես եւ ականջալուր երկրի իրարանցումին,- այս բառը այնքա՜ն մեղմ է կացութիւնը բնորոշելու համար,- ինքզինք կը գտնէ անորոշութեան հետեւանք խոր մտահոգութեան, յուսալքման եւ մղձաւանջի առջեւ:

            Ամբողջ օրը հեռատեսիլին առջեւ նստած տանտիկինը, դեռ թերթ կարդացողները, համացանցով լուրերուն հետեւողները, իրենք զիրենք ընկճուած կը զգան այլազան եւ այլանդակ լուրերու ճնշման տակ: Հեռատեսիլը ողողուած է ցոյցերով, պահանջներով, «միւսը» թշնամի տեսնելու արտայայտութիւններով, 1937ը յիշեցնող մատնութեան հրաւէրներով: Կը տարուինք մտածելու, թէ ո՞ւր կորսուեցան մէկութեան, միասնութեան, միասնական ճիգերով հայրենիք կերտելու, համերաշխութեան հրաւիրող խօսքերը: Արդեօ՞ք հեռու են Յովհաննէս Թումանեանի նշած զանազան կրակները եւ կռիւները

            ԺԷ. դարու Ֆրանսացի մեծ իմաստասէրը Ռընէ Տէքարտ ըսած էր, որ ողջախոհութիւնը աշխարհի լաւագոյն բաժնուած բանն է: Արդեօ՞ք: Այդ պիտի ըսէ՞ր, եթէ հայերը ճանչցած ըլլար: Հետեւեցէ՛ք Հայաստանի հեռատեսիլին եւ մամուլին, եւ կը հասկնաք, որ իմաստասէրը սխալած էր:

            Առանց անբարեացակամութեամբ կամ կողմնապաշտութեամբ ամբաստանուելու, նոյնիսկ սխալ մտածած ըլլալու մեղանչումը յանձն առնելով, Հայաստանի պարզ քաղաքացիի եւ սփիւռք(ներ)ի դեռ հայրենասէրի աչքով դիտենք կացութիւնը եւ պատկերները, լսենք ըսուածները, հեռատեսիլային վիճարկումները, անխուսափելիօրէն կ’ունենանք հոգեկան ընկճուածութիւն, dépression, դէպրեսիա: Պարզ մարդիկ պարզ հայերէնով պիտի ըսէին, որ իրենց քունը կը փախցնեն:

            Ո՞վ կրնայ հակառակը պնդել, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արագ հակազդեց Ռոբերտ Քոչարեանի երաշխաւորութեամբ բանտէն դուրս գալու դատարանի որոշման: Ան զանգուածին կոչ ըրաւ փակելու դատարաններու դռները, անխորհուրդ եւ կրքոտ որոշում մը, անտեսելով իշխանութիւններու բաժանման սահմանադրական օրէնքը:

            Դատարանը ազատ չէր արձակած Ռ. Քոչարեանը, ան կը մնայ միշտ ամբաստանեալի վիճակին մէջ եւ պիտի դատուի: Վարչապետը կարիք ունէ՞ր շրջանցելու օրէնք, իրաւունք եւ սահմանադրութիւն, դատարաններու մուտքը փակելու կոչ ընելով զանգուածին:

            20 մայիսի Նիկոլ Փաշինեանի ժողովուրդին ուղղած կոչը շարունակութիւնն է սկսած եւ չաւարտող յեղափոխութիւն համարուող ամբոխայնացման (populisme) եւ հակասահմանադրական է: Պէտք է յստակութեամբ եւ անվարան ըսել, որ գործադիր իշխանութեան պետը բրտօրէն միջամտեց դատական իշխանութեան մարզին մէջ, հակառակ անոր որ ըսած էր, թէ պէտք էր յարգուէր իշխանութեան երեք բաղկացուցիչներէն իւրաքանչիւրի անկախութիւնը:

            Եթէ զանգուածային լրատուամիջոցները հանրային կարծիքը ըստ արժանւոյն լուսաբանէին, ժողովուրդը չէր հետեւեր եւ վարչապետը երկիրը չէր առաջնորդեր ներկայ բեւեռացումներուն:

            Նիկոլ Փաշինեանի «յեղափոխութիւնը» վերականգնումի յոյս բերած էր, որ պիտի յարգուէին օրէնք եւ իրաւունք: Իսկ այդ իրաւունքը կը ճշդուի սահմանադրութեան օրէնքներով, ոչ իշխանաւորի կամքով: Նոյն հունով, դատաւորի իրաւասութիւնը կը ճշդուի օրէնսգիրքով եւ կը հսկուի օրէնքներու պահակ Սահմանադրական Դատարանին կողմէ:

            Մէկ բան որոշ է. մարդիկ, հետեւաբար անոնցմով գոյացած խումբեր, ինչ ալ անոնց ծաւալը, չեն կրնար ըսել, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ դատաւորը, ի՛նչ վճիռ պէտք է արձակէ: Անպարկեշտ դատաւորը կարելի է կարգի հրաւիրել, ամբաստանել եւ դատել, բայց ոեւէ պարագայի անոր պէտք չէ հրահանգել իր ընելիքը: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ամենէն արդար դատաւորն անգամ չի կրնար ամբողջովին զերծ մնալ ենթակայականութենէ (subjectivité):

            Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հնարաւորութիւնները չնչին են դէպքերու ընթացքին վրայ կարենալ ազդելու համար, բայց երկրին մէջ չգտնուելով հանդերձ, ան հանդարտութեան եւ զգուշութեան կոչ ըրաւ: Կացութիւնը մտածելու կը մղէ նաեւ նախագահի երկրի կառավարման մէջ ունեցած-չունեցած իրաւունքներուն մասին, հետեւաբար՝ պաշտօնի վարկի:

            Կարծէք այս բոլոր իրարանցումներուն մէջ մոռցուած են երկրի տնտեսութիւնը եւ տագնապալի այլ երեւոյթներ, ինչպէս աշխատավարձերը, գործազրկութիւնը, թոշակները եւ ներդրումները՝ որոնք չեն գար: Տեւաբար կը խօսուի արհեստագիտական  մարզի մէջ զանազան յաջողութիւններու եւ աշխատատեղերու մասին, բայց անոնք բաւարար կ’ըլլա՞ն զանգուածային գործազրկութիւնը յաղթահարելու: Երկիրը բաւարար գործ կրնա՞յ հայթայթել մասնագէտներու այս նոր դասակարգին… Թէ անոնց գործազրկութիւնն ալ պիտի յանգի արտագաղթի:

            Հայաստան պատերազմական մնայուն դրութեան մէջ է, շրջափակուած երկիր է: Ճիշդ է, սխալներ եղած են, կան եւ պիտի ըլլան, բայց անոնց վերացոմը պէտք չէ կատարուի ներքին ճակատի տկարացումով, ուժերու տարտղնումով: Ինչ ալ ըլլայ այսօրուան իշխանութեան ընդդիմադիրներու ներկայացուցած ուժը, Ազգային Ժողովին մէջ կամ անկէ դուրս, պէտք չէ զայն արհամարհել: Յետոյ պէտք չէ մոռնալ, որ հանրային կարծիքը այնքան փոփոխական է, դիմափոխուող, հարց՝ զոր երբեք կարելի չէ եղած հասկնալ եւ կայունացնել: Ամենէն արդար եւ անխարդախ ընտրութիւններով կայացած խորհրդարանները չեն ներկայացներ հանրային կարծիքի ճիշդ պատկերը, ոչ ալ քաղաքական ուժերու ճիշդ համեմատութիւնները: Ժողովուրդ կոչուածի պատկերացումը ունենալ դժուար է, քանի որ ան այսօր երէկուընէ տարբեր է, վաղը կրկին պիտի փոխուի: Նոյնիսկ եթէ երէկ քուէարկած է այս կամ այն ձեւով, վաղը նոյնը կրնայ չըլլալ: Այսինքն քուէարկութեան մը արդիւնքը պարզապէս կը նշանակէ, որ ան տուեալ պահու մը հանրային կարծիքի պատկերն է, որ այդ արդիւնքի հրապարակումէն անմիջապէս ետք կրնայ փոխուիլ, փոխուած ըլլալ:

            Յովհաննէս Թումանեան յիշողները, քառեակ արտասանողները, լաւ կ’ընեն եթէ լսեն նաեւ անոր իմաստութիւնը. «Որովհետեւ շատերը ժողովուրդն ու ամբոխը շփոթում են իրար հետ: Սրանք հակառակ բաներ են»։ Կամ՝ «Ժողովուրդը մեծահոգի է ու բարի, ամբոխը՝ դիւրագրգիռ, վտանգաւոր, չար»: Թումանեանն ասաց, dixit Toumanian:

            Ղեկավարին համար, Յովհաննէս Թումանեանի նկարագրած ամբոխի հրահրումը, անոր վրայ իշխանութիւն հաստատելու տեսակ մը գործնապաշտութիւնը, վաղը կրնայ պումըրանկ ըլլալ, կամ պարզապէս աղէտ՝ շրջափակման ենթակայ եւ պատերազմի մէջ եղող երկրին համար, որուն գինը կրկին կը վճարէ ժողովուրդը, ան ըլլայ ամբոխ թէ երկիր պահող քաղաքացի:

            Մեծերը եւ անոնց կտակած իմաստութիւնը պատէն կամ լամբակէն կախուած զարդարանք չէ: Ան կոչուած պէտք է ըլլայ մեր ներկան լուսաւորելու:

            Ամբոխը եւ Յովհաննէս Թումանեանի «ամբոխամիտ»ները, որ աստղին տակ ալ գտնուին, նման հնհնուքներ չեն լսեր եւ անոնցմով չեն առաջնորդուիր:

            Իսկ ուշացած զղջումներով խիղճ կարելի հանդարտեցնել, բայց անոնցմով ապագայ չի կերտուիր:

            Համբերել մինչեւ որ… Մինչեւ ի՞նչ…

            Եւ քանի որ շատ կը խօսինք Եւրոպայի եւ եւրոպականացման մասին, պիտի զարմանա՞նք եթէ յանկարծ ամբոխամիտ առաջարկող մը ըլլայ, որ գործածութենէ դադրած ֆրանսական յեղափոխութեան Կիյոթինը բերենք Հանրապետութեան կամ Ազատութեան հրապարակ…

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.