Աւելի քան 1000 անդամներով, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ մասնաճիւղերը միջմասնաճիւղային տողանցքով իրենց կենսունակութիւնը հաստատեցին

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եա­նի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չու­թեան, Կի­րա­կի 27 Յու­նիս 2021-ին, յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 5:00-ին տա­սը տա­րի­նե­րու ընդ­հա­տու­մէն ետք, Հա­լէ­պի Ռիա­յէթ Շա­պապ դաշ­տին վրայ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանցք-փա­ռա­տօ­նը, ՀՄԸՄ-ի Դա­մաս­կո­սի, Հա­լէ­պի, Լա­թաք­իոյ, Գա­միշլիի եւ Քե­սա­պի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու փո­ղե­րա­խում­բե­րուն, սկաու­տա­կան կազ­մե­րուն եւ մար­զա­կան խում­բե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ: Տո­ղանց­քին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին նա­եւ ՀՄԸՄ-ի «Շա­ւարշ Քրիս­եան» քա­րա­թէի մար­զա­կան խում­բը եւ Սուր­իոյ Հայ Սեւ Գօ­տի­նե­րու Միու­թեան մար­զիկ­նե­րը:
Տո­ղանց­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պա­աս կու­սակ­ցու­թեան Հա­լէպ մաս­նա­ճիւ­ղի քար­տու­ղար Ահ­մատ Ման­սու­րի հո­վանի­ին ներ­քոյ:
Տո­ղանց­քը շնոր­հա­ւո­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն էր Սուր­իոյ վսե­մա­շուք նա­խա­գահ տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տի վե­րընտ­րու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ ցըն­ծու­թեան տօն էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կերտ­ման 103-ամ­եա­կին առի­թով:
Տո­ղանց­քին ներ­կայ գտն­ուե­ցան Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դը, հայ հա­մայն­քա­պետ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ՀՀ Հա­լէ­պի Գլ­խա­ւոր Հիւ­պա­տո­սը, ՀՀ Մար­դա­սի­րա­կան Առա­քե­լու­թեան խում­բի Հիւ­պա­տո­սու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Սուր­իոյ Խորհր­դա­րա­նի երես­փո­խան­ներ, Պա­աս կու­սակ­ցութ­եան Հա­լէ­պի գլ­խա­ւոր քար­տու­ղա­րը, Հա­լէ­պի Նա­հան­գա­պե­տին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հա­լէ­պի Նա­հան­գա­յին Խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րեր, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. Մա­նուկ Քէօ­շ­կէր­եան, Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան, Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի եւ ազ­գա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, եկե­ղե­ցի­նե­րու թա­ղա­կա­նու­թիւն­ներ, հա­լէ­պա­հայ միու­թիւն­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հրա­ւիր­եալ­ներ:
Բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րով, ապա  ներ­կա­նե­րը մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գե­ցին նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը:
Օր­ուան հան­դի­սա­վար­ներն էին՝ քոյր Մա­րալ Գա­լայճ­եան-Սե­մէրճ­եան, եղբ. Եղ­իա Քի­լէճ­եան (արա­բե­րէն) եւ քոյր Մա­րի­նա Չիլ Աբօշ­եան-Պօ­ղիկ­եան (հա­յե­րէն), որոնք յայ­տա­գի­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին արա­բե­րէ­նով եւ հա­յե­րէ­նով, ինչ­պէս նա­եւ Սուր­իոյ նա­խա­գա­հին վե­րընտ­րու­թեան, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ ՀՄԸՄ-ին նուիր­ուած լո­զունգնե­րով ող­ջու­նե­ցին տո­ղան­ցող ՀՄԸՄ-ական­նե­րը:
Արա­բե­րէն բաց­ման խօսք ար­տա­սա­նեց ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղբ. տոքթ. Արամ Աւե­տիս­եան, դի­տել տա­լով որ տա­սը տա­րի­նե­րու դա­ժան պա­տե­րազ­մէն Սուր­ի­ան յաղ­թա­կան դուրս եկաւ՝ շնոր­հիւ սուր­ի­ա­կան քա­ջա­րի բա­նա­կին եւ իմաս­տուն ղե­կա­վա­րութ­եան: Ան մեծ յաղ­թա­նակ հա­մա­րեց Սուր­իոյ վսե­մա­շուք նա­խա­գահ տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տին վե­րընտ­րու­թիւնը, որուն ու­րա­խու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւնը եղաւ Սուր­իոյ նա­հանգ­նե­րէն հա­մախմբ­ուած ՀՄԸՄ-ի հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու քոյ­րե­րուն ու եղ­բայր­նե­րուն երախ­տա­գի­տա­կան տո­ղանց­քը: Ան շնոր­հա­ւո­րա­կան խօսք ուղ­ղեց երկ­րի վսե­մա­շուք նա­խա­գա­հին,  խոս­տա­նա­լով յոյ­սով եւ աշ­խա­տան­քով իրենց եր­թը շա­րու­նա­կել:
Հա­յե­րէն բաց­ման խօսք ար­տա­սա­նեց ՀՄԸՄ-ի Սուր­իոյ Շրջ. Վար­չութ­եան ատե­նա­պետ եղբ. Աւե­տիս Տէր­վիշ­եան: Ան լու­սար­ձա­կի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի հա­յա­կեր­տու­մի առա­քե­լու­թիւնը եւ այս առի­թով ող­ջու­նեց հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւնը միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանց­քին:
Ապա շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր՝ իր հայ­րա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նա­եւ Սուր­իոյ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան աւա­գանի­ին:
Միու­թեան անու­նով, ան շնոր­հա­ւո­րեց եւ զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Սուր­իոյ նա­խա­գահ Տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տին, որուն իմաս­տուն եւ հա­ւա­սա­րակշռ­ուած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան շնոր­հիւ, սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին արիութ­եամբ եւ Սուր­իոյ բո­լոր տար­րե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ Սուր­ի­ան յաղ­թա­կան դուրս եկաւ ահա­բեկ­չա­կան պա­տե­րազ­մէն:
Բաց­ման պատ­կե­րով ՀՄԸՄ-ի հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը պար­զե­ցին Սուր­իոյ նա­խա­գա­հին նկա­րը, ապա Սար­դա­րա­պա­տի յու­շար­ձա­նին պատ­կե­րը: Այ­նու­հե­տեւ Սուր­իոյ Շր­ջա­նա­յին խմ­բա­պետ եղբ. Յո­վիկ Փամ­բալ­եան Առաջ­նորդ Սր­բա­զան Հօր օրհն­ուած ճրա­գով ջա­հը վա­ռեց ու զայն փո­խան­ցեց Սուր­իոյ Շրջ. խմ­բա­պե­տու­հի քոյր Թա­մար Աւետ­եան-Գա­տէհճ­եա­նին, ապա ջա­հը փո­խանց­ուե­ցաւ հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու խմ­բա­պետ­նե­րուն ու  սկաու­տի մը ձե­ռամբ կայ­մին վրայ հաս­տատ­ուած ջա­հը լու­սա­ւոր­ուե­ցաւ:
Մար­զա­կան ներ­կա­յա­ցու­մով հան­դէս եկան ՀՄԸՄ-ի «Շա­ւարշ Քրիս­եան» քա­րա­թէի մար­զա­կան խում­բը եւ Սուր­իոյ Հայ Սեւ Գօ­տի­նե­րու Միութ­եան քունկ­ֆու-ու­շու­յի, ռիթ­միկ ճմ­պա­զի, սան­տա­յի եւ քիք-պոք­սին­կի մար­զիկ­նե­րը, որոնք հե­տաքրք­րու­թիւն շար­ժող մար­զա­ձե­ւե­րով ներ­կա­նե­րուն ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցան:
Այ­նու­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՀՄԸՄ-ի միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին տո­ղանց­քը, որուն բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին Սուր­իոյ Շր­ջա­նա­յին խմ­բա­պե­տու­թիւնն ու հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու խմ­բա­պետ­նե­րը: Յա­ջոր­դա­բար տո­ղան­ցե­ցին Դա­մաս­կո­սի, Լա­թաք­իոյ, Գա­միշլիի, Քե­սա­պի եւ Հա­լէ­պի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու սկաու­տա­կան եւ մար­զա­կան խում­բե­րը, իրենց փո­ղե­րա­խում­բե­րուն առաջ­նոր­դութ­եամբ: Տո­ղան­ցե­ցին նա­եւ ՀՄԸՄ-ի երէց եղ­բայր­նե­րը, որոնք եր­կար տա­րի­նե­րու վաս­տակ ու­նին միու­թեան շար­քե­րէն ներս, ապա տո­ղան­ցե­ցին ՀՄԸՄ-ի «Շա­ւարշ Քրիս­եան» քա­րա­թէի մար­զա­կան խում­բը եւ Սուր­իոյ Հայ Սեւ Գօ­տի­նե­րու Միու­թեան մար­զիկ­նե­րը:
Լո­զունգնե­րու կար­գին հն­չեց Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ՀՄԸՄ-ի նուիր­ուած խօս­քը, որուն ըն­թաց­քին հան­դի­սա­վա­րը ՀՄԸՄ-ի մեծ ըն­տա­նի­քին անու­նով շնոր­հա­ւո­րա­կան խօսք ուղ­ղեց Նո­րին Սր­բու­թեան գա­հա­կա­լու­թեան 26-ամ­եա­կին առի­թով, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին մաղ­թե­լով արեւ­շա­տու­թեամբ եւ քա­ջա­ռող­ջու­թեամբ լե­ցուն ընդ եր­կար գա­հա­կա­լու­թիւն:
Ներ­կա­նե­րուն իր սր­տի խօս­քը ուղ­ղեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Սրբ. Եպս. Զօպ­ու­եան: Ան ող­ջու­նեց Սուր­իոյ տար­բեր շըր­ջան­նե­րէն ժա­մա­նած ՀՄԸՄ-ական­նե­րը, որոնք որ­պէս մէկ ամ­բող­ջու­թիւն մի­ա­ցան՝ մի­աս­նա­բար մեր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը յայտ­նե­լու Սուր­իոյ նա­խա­գա­հին՝ իր վե­րընտ­րու­թեան առի­թով: Ապա դի­տել տուաւ, որ այ­սօր սու-ր­ի­ա­ցի ժո­ղո­վուր­դը յաղ­թա­կան դուրս եկած, ան­գամ մը եւս կը հա­մախմբ­ուի իր նա­խա­գա­հին շուրջ, որ ամ­բողջ տա­սը տա­րի իմաս­տու­թեամբ, խո­հե­մու­թեամբ, լր­ջու­թեամբ եւ քա­ջու­թեամբ պայ­քա­րե­ցաւ սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին ազա­տու­թեան եւ անոր ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման հա­մար: Սուր­իոյ բո­լոր բա­ղադ­րիչ տար­րե­րուն հետ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րաւ իր զա­ւակ­նե­րուն արիւնը նուի­րա­բե­րե­լով սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քի ազա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան, յայտ­նե­լով Տէր Զօ­րէն եկող յա­րուց­եալ հա­յուն հա­ւա­տար­մու­թիւնը սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին, անոր վսե­մա­շուք նա­խա­գա­հին եւ սուր­ի­ա­ցի ասպն­ջա­կան ժո­ղո­վուր­դին:
Սր­բա­զան Հայ­րը հպար­տու­թեամբ յի­շեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տութ­եան կերտ­ման 103-ամ­եա­կը, որուն պայ­ծա­ռու­թիւնը ի յայտ կու գայ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը պա­հող սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քին մէջ:
Հպար­տու­թիւն առ­թող տո­ղանց­քին ընդ­մէ­ջէն ան տե­սաւ մէկ բռունցք կազ­մած ՀՄԸՄ-ական­նե­րուն կապ­ուա­ծու­թիւնը՝ Հա­յաս­տա­նին, Ար­ցա­խին եւ Սուր­իոյ  եւ Սուր­ի­ան ծաղ­կեց­նե­լու  անոնց վճ­ռա­կա­մու­թիւնը:
Իր խօս­քի աւար­տին սր­բա­զան հայ­րը բո­լո­րին անու­նով շնոր­հա­ւո­րեց նա­խա­գա­հին վե­րընտ­րու­թիւնը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին գա­հա­կա­լու­թեան 26-ամ­եա­կը, մաղ­թե­լով արեւ­շատ եւ պայ­ծառ տա­րի­ներ:
Այ­նու­հե­տեւ խօսք առաւ Պա­աս կու­սակ­ցու­թեան Հա­լէպ մաս­նա­ճիւ­ղի գլ­խա­ւոր քար­տու­ղար Ահ­մատ Ման­սուր, որ գե­ղե­ցիկ պատ­կե­րով մը յայտ­նեց, թէ Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի դրօշ­նե­րը կը բաժ­նեկ­ցին կար­միր գոյ­նով, որ դա­ւա­դիր ու­ժե­րուն դէմ նա­հա­տակ­նե­րուն թա­փած արիւնը կը խորհըր­դան­շէ:  Ան յայտ­նեց, թէ Էր­տո­ղան պար­տա­կան դուրս եկաւ Սուր­իոյ դէմ պա­տե­րազ­մէն, շնոր­հիւ երեք ու­ժե­րու՝ սուր­ի­ա­ցի ժո­ղո­վուր­դին, Սուր­իոյ արի բա­նա­կին եւ երկ­րի նա­խա­գահ տոքթ. Պաշ­շար ալ Ասա­տին մա­քա­ռում­նե­րուն:
Ապա իր ու­րա­խու­թիւնը յայտ­նեց ի տես բերկ­րա­լի այս տո­ղանց­քին, մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­լով շր­ջան­նե­րէն ժա­մա­նած ՀՄԸՄ-ական­նե­րու մաս­նա­կցու­թիւնը:
Այ­նու­հե­տեւ ՀՄԸՄ-ի Շրջ. Վար­չու­թեան ձե­ռամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ յու­շան­ուէր­նե­րու յանձ­նում՝ Սուր­իոյ հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րուն եւ փո­ղե­րա­խում­բե­րուն: Ապա տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատ­րում՝ հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու մար­զա­կան ներ­քին մր­ցա­շար­քե­րու ախոյ­եան­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի վե­րա­նո­րոգ­ուած դաշ­տե­րուն վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ոտ­նագն­դա­կի եւ պաս­քե­թի մր­ցում­նե­րու ախոյ­եան խում­բե­րուն:
Տո­ղանց­քին խան­դա­վա­ռու­թիւնը ամ­բող­ջա­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի մեծ ըն­տա­նի­քին գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րի ներ­կա­յա­ցու­մով:
Ելոյթ ու­նե­ցան Լա­թաք­իա­յէն ժա­մա­նած Հա­մազ­գա­յի­նի «Վա­հան Նա­ւա­սարդ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի «Գե­ղարդ» պա­րա­խում­բը: Ապա ելոյթ ու­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի «Նի­կոլ Աղ­բալ­եան» Մաս­նա­ճիւ­ղի «Շու­շի» ման­կա­պա­տա­նե­կան պա­րա­խում­բը, ապա նուա­գա­խում­բը, մաս­նակ­ցու­թեամբ սուր­ի­ա­հայ եր­գիչ­ներ՝ Մար­իա Չիչ­եա­նի, Ար­ման Տէր Պետ­րոս­եա­նի, Կաս­իա Պաղ­տիկ­եա­նի, Կա­րօ Գու­շաքճ­եա­նի, Մե­ղե­դի Փամ­պուք­եա­նի, Ակա­բէ Ֆրանք­եա­նի, Լիւ­սի Յով­հան­նէս­եա­նի, Խա­չիկ Աշճ­եա­նի եւ Քե­սա­պէն ժա­մա­նած Սե­ւակ Պե­տուր­եա­նի:
Տո­ղանց­քի ու­ղիղ սփ­ռու­մը կա­տա­րեց «Ռատիօ Երազ»ը, իսկ հա­յաս­տան­եան «Եր­կիր Մետ­իա» պատ­կե­րաս­փիւ­ռա­յին կա­յա­նը անդ­րա­դար­ձաւ անոր յա­տուկ տե­սա­նիւ­թով:
Տո­ղանց­քին հա­լէ­պա­հայ հոծ բազ­մու­թեան կող­քին ներ­կայ էին հայ­կա­կան եւ արա­բա­կան լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.