Արցախի 15 մետաղի հանքավայրերէն 13–ին տիրացած է թշնամին. վտանգուած է Դրմբոնի Base Metals հանքարդիւնաբերական ընկերութիւնը

Նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած արցախեան համաձայնագրի հետևանքով Արցախի պետական պիւտճէին ամենամեծ հարկային մուտքեր ապահովող Դրմբոնի ստորգետնեայ և Կաշենի բաց բազմամետաղային հանքավայրեր շահագործող Base Metals ընկերութիւնը լուրջ խնդրի վտանգի առջեւ կը գտնուի։ Այս մասին NEWS.am–ին յայտնեց ՀՅԴ տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու, տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեանը։

Վտանգը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ վերոնշեալ ընկերութիւնը իր արտադրական գործունէութեան համար անհրաժեշտ ջուրը կը ստանայ Մարտակերտի շրջանի Նոր Մարաղա գիւղէն, որը Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրով՝ յանձնուած է Ատրպէյճանին։ Base Metals-ի համար կ՚աշխատէին 1400 արցախահայեր։

Տնտեսագէտը նաև տեղեկացուց, որ համաձայնագրին իբրեւ արդիւնք՝ Արցախի շահագործման թույլտուութիւն ունեցող 15 մետաղի հանքավայրերէն 13–ը անցած է Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ, որը մեծ հարուած է Արցախի տնտեսութեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.