Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին

20 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը.- ա) Կիպրոսի հայ համայնք, բ) Արցախի շրջափակում, գ) Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ, դ) Լիբանանի նախագահական ընտրութիւն եւ ե) Կիպրոսի դերը Միջին Արեւելքի մէջ:

Վերոնշեալ հարցերուն շուրջ տեսակէտներու լայն փոխանակում տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ նախագահին միջեւ: Վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ու իր տեսակէտները ներկայացուց նախագահին` ընդառաջելով անոր փափաքին, վերոնշեալ հարցերուն առնչուած:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Վեհափառ հայրապետը նախագահին յանձնեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանի բնագիրին բազմապատկուած մէկ օրինակը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական քաթալոկը: Նախագահը, իր կարգին, վեհափառ հայրապետին յանձնեց կիպրական յատուկ ասեղնագործ ձեռագործ կտոր մը:

Յիշենք, որ վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Կիպրոսի հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Սեւակ Կիւրիւնլեան եւ կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.