Ամփոփագիր Հայ Դատի Գրասենեակներու Եւ Յանձնախումբերու Կողմէ Կատարուած Աշխատանքներու (1-2 Հոկտեմբեր 2020)

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Քոնկրեսական Ճեքի Սփիըրը միացած է Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ միջամտութիւնը դատապարտող երկկուսակցական բանաձեւին:

Ամերիկացի քոնկրեսական Ճեքի Սփիըրը իր գործընկերներուն հետ ներկայացուցած է բանաձեւ, որ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնը ընդդէմ Արցախի, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ այդ յարձակումին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ու անով իրավիճակի սրումը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ բանաձեւին համահեղինակներն են Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն, Կուս Պիլիրաքիս, Պրետ Շերման, Աննա Էշու, Տէյվիտ Սիսիլին, Ճոէ Լոֆրեն: Այս բանաձեւը կ՛արտացոլէ Քոնկրեսի երկու կուսակցութիւններու անդամներուն կողմէ Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի յարձակման դատապարտումը:

Վերջինս ընդգծած է, որ Քոնկրեսը գործի անցած է, սակայն նախագահի վարչակազմը քայլեր չի ձեռնարկեր Պաքուի անխոհեմ յարձակողապաշտութեան կամ Թուրքիոյ յամառ միջամտութեան դէմ դուրս գալու համար:

Հարաւային Ամերիկա

Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն կը տեղեկացնեն, որ աշխուժ աշխատանքներու շնորհիւ Չիլիի խորհրդարանը ընդունած է Արցախին սատարող բանաձեւ, որուն մէջ երկրի նախագահին կոչ կ՛ուղղուի «տեղեկացնել Ազրպէյճանին, Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին, որ Չիլին կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու յարձակումները եւ շարունակելու տագնապի խաղաղ, իրաւական եւ պատմական լուծում փնտռել ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ` միջազգային օրէնսդրութեան եւ ուժի կիրարկման արգիլման, ազգերու ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ վէճերու խաղաղ լուծման սկզբունքներուն համապատասխան»: Չիլիի օրէնսդիրները նաեւ խստօրէն քննադատած են «տագնապի կողմ չհանդիսացող որեւէ կառավարութեան կողմէ ռազմական գործողութիւններուն աջակցելու եւ ռազմական օգնութիւն առաջարկելու գործողութիւնները»:

Եւրոպա

Պելճիքայի հայ համայնքը Եւրոպական Միութեան ղեկավար հաստատութիւններուն դիմաց կազմակերպած է բողոքի խաղաղ ցոյց` կոչ ուղղելով գործուն քայլերով դադրեցնելու ազրպէյճանաթրքական յարձակումները:

Պելճիքայի Ֆլամանական եւ Արցախի խորհրդարաններու մէջ գործող բարեկամական խումբի անդամները իրենց կարգին խստօրէն դատապարտած են Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակումը:

Եւրոպական խորհրդարանի 24 երեսփոխաններ գրաւոր հարցում ուղարկած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելին` Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ յարձակումին   վերաբերեալ` հետեւեալ հարցերով`

  1. Ի՞նչ պիտի ընէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման եւ զինադադարի դրութեան վերականգնման համար:
  2. Ինչպիսի՞ գործողութիւններ պատրաստ է Եւրոպական խորհուրդի նախագահը իրականացնելու, անհրաժեշտ ճնշումներու միջոցով Ազրպէյճանի կառավարութեան ստիպելու ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ իր զօրքերը դուրս բերելու համար:
  3. Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ մնալ Ազրպէյճանի մեծագոյն արտահանողը եւ երկրորդ ներմուծման շուկան ` 51 առ հարիւր բաժնեմասով Ազրպէյճանի արտահանման եւ 16 առ հարիւր բաժնեմասով Ազրպէյճանի ներմուծման մէջ: Եւրոպական խորհուրդը պատրա՞ստ է Ազրպէյճանի նկատմամբ ֆինանսական պատժամիջոցներ կիրարկելու:

Գանատա

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը աշխուժօրէն կը շարունակէ ստորագրահաւաք իրականացնել, որ ուղղուած է արտաքին գործոց նախարար Ֆ. Ֆ. Շամփայնին: Այդպիսով կոչ կ՛ուղղուի պաշտօնապէս դատապարտելու Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազրպէյճանական ռազմական գործողութիւնները եւ կասեցնելու Գանատական զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ:

Աւստրալիա

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին, աւստրալիահայ գաղութին տարբեր ձեւերով համերաշխութիւն յայտնած եւ ազրպէյճանաթրքական յարձակումները խստօրէն դատապարտած են Աւստրալիոյ մէջ  պոնտացիներու միութեան ղեկավար Փեթեր Սթեֆանտիսը, խորհրդարանի անդամներ Ճոն Ալեքսանտրը, Ճոշ Պըրնսը եւ ուրիշներ:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը սկսած է ստորագրահաւաքի, որ  տեղական «Էս. Պի. Էս.» պատկերասփիւռի կայանին կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու թրքական «Թի. Ար. Թի.» պատկերասփիւռի ընկերութենէն  պարբերաբար լուրերու հեռարձակումը:

Յանձնախումբը դաշնակցային կառավարութեան կոչ ուղղած է հետաքննութեան ենթարկելու Ալիեւի բռնապետական ընտանիքին պատկանող օդանաւերով Աւստրալիայէն Ազրպէյճան կատարուող թռիչքները: Յանձնախումբին կողմէ ընդգծուած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ` միջազգային ահաբեկչական կառոյցներու եւ զէնքի անօրինական փոխադրման մէջ ներգրաւուած ըլլալը:

Յանձնախումբը հրապարակայնօրէն դատապարտած է Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը ղարաբաղեան տագնապի մագլցումին վերաբերեալ, քանի որ նախարարը իբրեւ ռազմական գործողութիւնները սկսող կողմը չէ յիշատակած Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, չէ մատնանշած յարձակումի իրական հեղինակները: Յանձնախումբը աւստրալիական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է յանցագործութիւններու հեղինակները կոչել անուանապէս, եւ անդրադառնալ տագնապին մէջ Թուրքիոյ եւ իսլամական ահաբեկիչներու  ներգրաւուածութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.