ԱԺ Նախագահը Երախտիքի Խօսքեր Յղեց Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակին

ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան Դեկտեմբեր 13ին անդրադարձաւ ԱՄՆ Ծերակոյտի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին:

Ան արտահերթ նիստի բացման ըսաւ,- «Տեղի ունեցած պատմական քուէարկութեամբ ԱՄՆ Ծերակոյտը ճանչցաւ եւ դատապարտեց 20-րդ դարու ամենասոսկալի իրադարձութիւններէն մէկուն՝ ողջ մարդկութեան դէմ իրականցուած յանցագործութեան իրենց հայրենիքի մէջ 1.5 միլիոն հայերու բնաջնջումը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ»: Արարատ Միրզոյեան երեք խմբակցութիւններու անունով ողջունեց ԱՄՆ Ծերակոյտի, ինչպէս նաեւ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի ներկայացուցիչները եւ երախտիքի խօսքեր յայտնեց ԱՄՆ Հայ դատի գրասենեակին ու Ամերիկայի հայկական համագումարի անդամներուն, ովքեր տարիներ շարունակ ջանքեր չեն խնայած այս կարեւոր արձանագրման հասիելու համար։ «Այս կարեւոր քուէարկութեամբ ԱՄՆ-ն միացաւ Ցեղասպանութիւներու կանխարգիլման ուղղուած համաշխարհային շարժման։ Մենք՝ որպէս Ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի ժառանգներ, յանձնառու ենք առաջամարտիկը ըլլալու մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու կանխման, որպէսզի այլեւս երբեք մարդկութեան պատմութեան մէջ նման ամօթալի էջեր չգրանցուեն»,-եզրափակեց Միրզոյեանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.