Չինարի Գիւղի Բնակիչ Կարէն Պետրոսեան Ատրպէյճանի Կողմը Գերի Ինկած Է


ՉԻՆԱՐԻ, «Արմէնփրէս».– Տաւուշի սահմանամերձ Չինարիի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ իրենց գիւղի բնակիչ 31ամեայ Կարէն Արտուշի Պետրոսեան հատած է հայ-ատրպէյճանական սահմանը ու գերի ինկած: Անոր գերեվարման մասին լուրերը տարածած էին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յայտնելով, որ հայ գերին գտնուած է Թովուզի շրջանի Աղբուլաղ գիւղի բնակիչի մը կողմէ:

«Այդ տղան սէր ունէր խմիչքի հետ, դեռեւս յայտնի չեն սահմանը հատելու հանգամանքները, սակայն կասկածներ կան, որ նա խմած է եղել: Փորձում ենք պարզել՝ ինչպէս է դա տեղի ունեցել», ըսած է Սաղոյեան:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, սակայն, յայտնած են, որ գերեվարուած անձը 1965ի ծնունդ Արտուշ Պետրոսեանն է: Չինարիի գիւղապետը «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ գերեվարուածը Արտուշ Պետրոսեանի որդին է՝ Կարէնը, որ 31 տարեկան է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.