Թորոնթոյի մէջ ոգեկոչուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն յիշատակը

ԹՈՐՈՆԹՕ.- Ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղը կազմակերպեց յուշ-երեկոյ եւ մոմավառութիւն՝ ոգեկոչելու Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակ հերոսներուն յիշատակը եւ վերահաստատելու Արցախի արդար դատին համար պայքարը շարունակելու յանձնառութիւնը։

Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամներ, ՀՅԴ Պատանեկան միութեան «Ռոստոմ» եւ «Քրիստափոր» խումբերու պատանիներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ թորոնթոհայ համայնքի անդամներ։

Ընկհ. Քամի Գագուսեանի հանդիսավարութեամբ, ձեռնարկը սկսաւ յոտնկայս լռութեամբ եւ Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներու կատարումով։ Յայտագիրին ընթացքին ասմունքեցին ընկհ. Ժպիտ Քեշիշեան եւ ընկ. Մոսիկ Տանատեան, իսկ ընկհ. Նարինէ Արթին, ընկհ. Անի Հրեշտակեան, ընկ. Շանթ Մաքսուտեան եւ ընկ. Գաբրիէլ Պետրոսեան ներկայացուցին 44-օրեայ պատերազմի իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը։ Ընկ. Նարեկ Քարամարտեան ներկայացուց նահատակ հերոսներու խօսքերէն մէջբերումներ։

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անունով խօսք առաւ ընկ. Աւետիս Գրճիքեան, որ շեշտեց, թէ նահատակներուն յիշատակը վառ պահելը կը նշանակէ նաեւ հաւատարիմ մնալ անոնց պայքարին։ Ան վերահաստատեց երիտասարդութեան վճռակամութիւնը՝ շարունակելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը եւ ազգային պահանջատիրութեան պայքարը։

Յայտագիրի աւարտին, ներկաները պատանիներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Հայ երիտասարդական կեդրոն, ուր «Մամիկ եւ Պապիկ» յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում՝ ի յիշատակ նահատակ հերոսներուն։ Արարողութեան ընթացքին ընկ. Արմէն Պետրոսեան նուագեց «Մարտիկի երգը»։

Ոգեկոչման ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Տ. Գարեգին Ծայրագոյն Վարդապետ Շխրտմեանի եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեանի խօսքերով ու աղօթքով՝ ի յիշատակ հայրենիքի ազատութեան եւ պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն։