Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքը երկարաձգելու որոշումը բողոքարկուած է Վերաքննիչ դատարանին մօտ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական խումբը Վերաքննիչ դատարանին բողոքարկած է անոր նախնական կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու որոշումը՝ վիճարկելով դատարանին պատճառաբանութիւնները եւ քրէական հետապնդումին ընթացքը։
Քոչարեանի փաստաբան Արամ Օրբէլեան նոյեմբեր 11-ին կայացած մամլոյ ասուլիսին յայտնեց, որ պաշտպանական կողմը պահանջած էր կալանքի երկարաձգման հարցը քննել դռնբաց նիստի ընթացքին։ Դատարանը մերժած էր պահանջը՝ պատճառաբանելով, որ նախաքննութիւնը կը շարունակուի։
Փաստաբանը ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ ներկայացուած վեց դրուագներէն երկուքին պարագային դատարանը չէ հաստատած հիմնաւոր կասկածի առկայութիւնը, իսկ երրորդ դրուագին անդրադարձ չէ կատարուած։
Օրբէլեան ընդգծեց անմեղութեան կանխավարկածին կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ մեղադրանքի հիմնաւորման պարտաւորութիւնը կը կրէ մեղադրող կողմը, եւ ոչ թէ ամբաստանեալը՝ իր անմեղութիւնը ապացուցելու համար։
Ան նաեւ քննադատեց նախաքննութեան ընթացքը՝ նշելով, որ աւելի քան 60 քննիչ ընդգրկող խումբէն 41-ը մասնակցած է ընդհանուր 95 քննչական գործողութիւններու, որոնցմէ ոմանք տեւած են ընդամէնը քանի մը վայրկեան։
Քոչարեանի պաշտպանութիւնը կալանքի շարունակութիւնը կը նկատէ քաղաքական նպատակներ հետապնդող գործողութիւն՝ զայն կապելով Հայաստանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան հետ։
Պաշտպանական խումբը կ՛ակնկալէ, որ Վերաքննիչ դատարանը կարճ ժամկէտի մէջ քննէ բողոքը եւ վերացնէ կալանքը երկարաձգելու որոշումը։