Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Ատրպէյճան կը սկսին ԹՐԻՓՓ-ի գործադրութեան մասնագիտական աշխատանքները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Ատրպէյճան Նոյեմբեր 7-ին յայտարարեցին եռակողմ մասնագիտական աշխատանքային խումբերու ստեղծման մասին՝ Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման (ԹՐԻՓՓ) ծրագիրին գործադրութիւնը յառաջ մղելու նպատակով։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած համատեղ յայտարարութեան համաձայն՝ նախաձեռնութեան մեկնարկը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Պրենտըն Հենրահանի, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետովի մասնակցութեամբ։
Կողմերը համաձայնած են առաջին հերթին ստեղծել երկու աշխատանքային խումբեր՝ փոխադրութեան եւ ելեկտրականութեան փոխանցման համակարգերու վերաբերեալ։
Յայտարարութեան համաձայն՝ խումբերը պիտի զբաղին ծրագիրին գործադրութեան առնչուող մասնագիտական հարցերով, շրջանի այլ ենթակառոյցներու հետ կապերու ստեղծումով եւ յետագայ հանգրուաններու նախապատրաստութեամբ։
Նախաձեռնութիւնը կը բխի օգոստոս 8, 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն, որոնց առանցքային հարցերէն մէկը Հայաստանի հարաւով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող փոխադրական հաղորդակցութեան ստեղծումն է։
Թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւնը կը շեշտէ շրջանային կայունութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները, ծրագիրը կը շարունակէ լուրջ քննարկումներու առարկայ մնալ Հայաստանի մէջ։
Ընդդիմադիր քաղաքական շրջանակներու մտահոգութիւնները մասնաւորաբար կը վերաբերին Սիւնիքի նկատմամբ Հայաստանի լիարժէք ինքնիշխանութեան, մաքսային եւ սահմանային հսկողութեան, օտար ուժերու ներգրաւման եւ արտատարածքային կարգավիճակի որեւէ հնարաւորութեան։
Կառավարութիւնը կը պնդէ, որ շրջանային հաղորդակցութիւնները պիտի գործեն Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան յարգումով։
Նոր աշխատանքային խումբերու ստեղծումը ԹՐԻՓՓ-ի գործադրութեան ուղղութեամբ գործնական քայլ մըն է, սակայն սահմանային վերահսկողութեան եւ ենթակառոյցներու կառավարման վերջնական մանրամասնութիւնները հրապարակուած յայտարարութեամբ չեն յստակացուած։