Ընդդիմադիր համախմբումը կը դատապարտէ Արսէն Գէորգեանի մահը եւ կը պահանջէ պատասխանատուութիւն
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ազգային օրակարգի շուրջ համախմբուած ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը Նոյեմբեր 10-ին հրապարակած համատեղ յայտարարութեամբ խստօրէն դատապարտեցին «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան Ստեփանաւանի համայնքապետի թեկնածու Արսէն Գէորգեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ կալանքի տակ գտնուած ժամանակ։
Ընդդիմադիր ուժերը յայտարարեցին, որ դէպքը հետեւանքն է Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան օրով խորացած քաղաքական հետապնդումներուն, նախնական կալանքի անհամաչափ կիրարկման եւ ընդդիմադիր գործիչներու վարկաբեկման քաղաքականութեան։
Համախմբումը իշխանութիւններն ու արդարադատութեան համակարգին պատասխանատուները քաղաքական պատասխանատուութեան ենթակայ նկատեց Գէորգեանի մահուան առնչութեամբ։
Յայտարարութեամբ կոչ ուղղուեցաւ Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական բոլոր ուժերուն՝ յստակ դիրքորոշում որդեգրելու դէպքին նկատմամբ։ Միջազգային կազմակերպութիւններէն եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն պահանջուեցաւ գնահատական տալ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ ընդդիմադիրներու նկատմամբ հետապնդումներու մտահոգիչ ընթացքին։
Նոյեմբերի սկիզբը ձեւաւորուած համախմբումին մասնակից են «Ուժեղ Հայաստան»ը, «Հայաստան» դաշինքը, Հայ ազգային քոնկրեսը, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ այլ ընդդիմադիր ուժեր։
Համախմբումին նախապէս հռչակած առաջնահերթութիւններուն մաս կը կազմեն Հայաստանի Սահմանադրութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի պարտադրանքներու մերժումը, առանց միակողմանի զիջումներու խաղաղութիւնը, ազգային ինքնութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական իրաւունքներու վերականգնումը։
Գէորգեանի մահուան հանգամանքներուն շուրջ պաշտօնական քննութիւնը կը շարունակուի։