ֆիլմի ակնարկ. Este é o Lugar («Ահա՛ վայրը»). ուր արուեստը ապաստան կը գտնէ

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Երբ Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան մեծ հանդիսասրահին մէջ տեղաւորուեցայ Este é o Lugar («Ահա՛ վայրը») ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութեան համար, գաղափար իսկ չունէի, որ ֆիլմը գրեթէ ամբողջութեամբ փորթուգալերէն է. միամտօրէն կը կարծէի, թէ գոնէ անգլերէն ենթախորագիրներ պիտի ըլլային, բայց պաստառը լուսաւորուեցաւ ու պարզուեցաւ՝ ո՛չ:

Փորթուգալերէն բառ մը անգամ չգիտցողիս համար վայրկեան մը սարսափ ապրեցայ. մտածեցի, որ յաջորդ ժամ ու կէսը պիտի անցընեմ լռելեայն գուշակութիւններ ընելով։ Սակայն այն, ինչ որ կրնար զաւեշտալի խոչընդոտ թուիլ, շատ արագ վերածուեցաւ իւրայատուկ փորձառութեան մը։ Բեմադրիչ Էտկար Ֆէռէյրան այնպիսի վարպետութեամբ կառուցած է պատումը, որ պատկերներու զօրութեան եւ հոս ու հոն սպրդող անգլերէն (ու ֆրանսերէն) արխիւային նամակներու ընթերցումին շնորհիւ, ոչ միայն թեթեւօրէն ծանօթացայ նիւթին, այլեւ լիուլի ապրեցայ ֆիլմին ամբողջական ընթացքը։

Հիմնարկութեան եօթանասունամեակին առթիւ պատրաստուած այս գործը կը հետեւի Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի անձնական որոնումին՝ իր «զաւակները» համարուող արուեստի բացառիկ հաւաքածոյին համար վերջնական, ապահով հանգրուան մը գտնելու դժուարին ճանապարհին։ Ֆիլմին առանցքը կը հանդիսանայ թանգարանի դատարկ սրահներուն մէջ գտնուած հին ձայնային ուղեցոյցի (audio guide) մը ձայնագրութիւնը։ Անոր հանդարտ, բայց խորհրդաւոր ընթացքով կը բացուի Կիւլպէնկեանի կեանքին դուռը։

Տեսողական առումով ֆիլմը հիանալի է ու չքնաղ. երբեք չէի մտածեր, թէ թանգարանի մը շինարարական տեսարանները կրնային այսքան գեղեցիկ, այսքան բանաստեղծական շունչով ներկայացուիլ։ Թանգարանի վերջին վերանորոգման ընթացքին կատարուած նկարահանումները իսկապէս գեղեցիկ են։ Տեսախցիկը կը դիտէ մերկ պատերը, փայտամածներն ու բացուած տարածութիւնները, ուրկէ ժամանակաւորապէս հեռացուած են թանգարանի մասունքները. այդ մերկութիւնը հիանալիօրէն կը շերտաւորէ ու կը զուգադրէ վերանորոգումէն առաջ եղած նոյն սրահներու պատկերները։ Պարապ տարածութեան մէջ տեղի ունեցող այս տեսողական խաղը շէնքը կը վերածէ գլխաւոր հերոսի եւ պատմողի:

Ֆիլմին արխիւային հարստութիւնը նոյնքան յիշարժան է։ Ֆէռէյրա կը յաջողի համաշխարհային բարդ պատմութեան ետին պատկերին դէմ հիւսել «Պարոն հինգ տոկոս»-ի`Կիւլպէնկեանի անձնական ոդիսականը։ Ցնցիչ են հազուագիւտ վաւերագրական տեսարանները՝ Կովկասի քարիւղի դաշտերէն, Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ օծումէն (զոր Կիւլպէնկեան կառուցեց ի յիշատակ իր ծնողաց, 1922-23), Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի մատենադարանի ստեղծումէն (նորէն՝ Կիւլպէնկեանի հովանաւորութեամբ), մինչեւ հիմնարկութեան ծնունդը, 1967-ի աղէտալի ջրհեղեղէն գործերու փրկութիւնը ու Լիզպոնի թանգարանի կառուցումն ու բացումը (1968-69)։ Ֆիլմը կը վերակենդանացնէ այն օրերը, երբ Լիզպոնի արուարձանները ջուրի տակ անցան եւ արուեստի նուիրեալները ցեխէն ու աւերէն փրկեցին դարերու մշակոյթը՝ ֆիլմին տալով պատմական ծանրակշիռ խորութիւն։

Այս բոլորին մէջ, ֆիլմին ամենէն զօրաւոր ու նուրբ գեղարուեստական լուծումներէն մէկը կը վերաբերի ինքնին Կիւլպէնկեանի կերպարին։ Լաւ գիտենք, որ ան մերժած էր հարցազրոյցները, կը խուսափէր լուսանկարիչներէն ու տեսախցիկներէն՝ գրեթէ հետք չձգելով իր ձայնէն կամ պատկերէն։ Ֆիլմին մէջ ան կը յայտնուի ստուերներով, քայլուածքով, թիկունքէն ու ձեռքերու զուսպ շարժումներով՝ երբեք ցոյց չտալով իր դէմքը։ Այս խորհրդաւոր վերակենդանացումին մէջ, սակայն, կար ծանօթ ներկայութիւն մը. անոնք, որոնք մօտէն կը ճանչնան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը այս օրերս առաջնորդող մեր յարգելի գանատահայ մտաւորականը, անմիջապէս պիտի որսան այն նուրբ ակնարկը, թէ որո՛ւն վստահուած էր մարմնաւորել մեծ բարերարին անխօս ուրուագիծը։ Առանց խօսքի ու առանց դէմքը բացայայտելու, այդ դերակատարութիւնը ֆիլմին կը հաղորդէ հարազատ ու յուզիչ ներքին շունչ մը։

Este é o Lugar-ի ընդմէջէն, Ֆէռէյրան փայլուն կերպով կը փաստէ, որ թանգարանի մը նորոգումին մասին պատմող ֆիլմը կրնայ գեղեցիկ եւ հետաքրքրական ըլլալ. բերմադրիչը ֆիլմը հմտօրէն կը դարձնէ մարդկային հոգիի, տարագրութեան, կարօտի եւ պատկանելիութեան որոնումի բացառիկ խոկումի մը։ Այստեղ արուեստը կը դառնայ կենդանի ապաստան մը՝ փոթորկալից ու անկայուն աշխարհի մը դիմաց։

Այդ ապաստանը շօշափելի կը դառնայ նաեւ իրականութեան մէջ. Ֆիլմը դիտելէն ետք առիթ ունեցայ շրջելու վերանորոգուած թանգարանին մէջ (երկրորդ այցելութիւնս էր՝ նախորդը նախանորոգման շրջանին էր)։ Տարածքի բազմաթիւ բարեփոխումներուն մէջ յատկապէս աչքի կը զարնէին երկուքը. նախ՝ վերջապէս Կիւլպէնկեանի կեանքի ուղին ամփոփող մնայուն ցուցանակի մը ստեղծումը, եւ ապա՝ թանգարանի փոքրածաւալ, բայց կուռ ու չափազանց արժէքաւոր հայկական հաւաքածոյին յատկացուած առանձին բաժինը՝ Armenia(n) («Հայ(աստան/եր)») վերնագիրով:

Este é o Lugar կը յաջողի անտեսանելին տեսանելի դարձնել։ Անիկա կ’անցնի թանգարանին քարեղէն կառոյցէն անդին, եւ հաճելի ձեւով կը ներկայացնէ այն անհուն սէրն ու խնամքը, որոնցմով Կիւլպէնկեան իր հաւաքածոն փրկեց աշխարհի խռովքներէն եւ զանոնք բացաւ ու հրամցուց հանրութեան: Լուսարձակներու մարումէն ետք, կը մնայ այն յստակ համոզումը, որ արուեստի գործերը երբեք լքուած որբեր չեն, քանի դեռ կայ տեղ մը, ուր անոնք կը շարունակեն ապրիլ իբրեւ մարդկային յիշողութեան սրբազան մասունքներ։

***

«Este é o Lugar» («Ահա՛ վայրը»), 2026
Բեմադրիչ եւ հեղինակ՝ Էտկար Ֆէռէյրա (Edgar Ferreira)
Նկարահանող (պատկերահանման տնօրէն)՝ Ժուաօ Պիսքայա (João Biscaia)
Մոնթաժ՝ Ռիքարտօ Մեսքիթա (Ricardo Mesquita)
Երաժշտութիւն՝ Սթիվըն Կիլոնի (Steven Gillon)
Ձայնային ձեւաւորող՝ Միկել Կիյա (Miguel Guia)
Դերակատարներ՝ Ռազմիկ Փանոսեան, Սարա Աֆոնսօ, Հուկօ Նիքոլաու (ձայն)
Արտադրութիւն՝ Galope Films-ի
Ներկայացնող՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւն (Fundação Calouste Gulbenkian)
Աջակցութեամբ՝ RTP-ի

Ֆիլմի նախադիտումը՝ https://vimeo.com/1240311631