Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ եկեղեցիներու եւ միջ-եկեղեցական կառոյցներու ընդհանուր քարտուղարներու համաժողովը
- (0)

«ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յիշեալ նիւթին շուրջ դասախօսութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս այս օրերուն գումարուող եկեղեցիներու եւ միջ-եկեղեցական կառոյցներու ընդհանուր քարտուղարներու համաժողովի բացման նիստին։ Յայտնենք, որ երկու տարին անգամ մը տեղի գումարուող այս համաժողովին մաս կը կազմեն գլխաւոր եկեղեցական ընտանիքներու ու միջ-եկեղեցական կառոյցներու ընդհանուր քարտուղարները։
Վեհափառ Հայրապետը, առաջին հերթին, անդրադարձաւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին՝ որպէս երկխօսութեան վայր, թէ՛ միջ-եկեղեցական եւ թէ՛ միջ-կրօնական իմաստով։ Ներկայ աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է, որ հարցերը քննարկուին եւ լուծման առաջնորդող ճամբաներ որոնուին փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ։ Հարցերուն ու տագնապներուն մօտենալու իր լայնախոհութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունենալ միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական մարզերէն ներս, նշեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը։ Շարունակելով իր խօսքը՝ ան ըսաւ, որ էքիւմէնիզմի ներկային ու ապագային մասին խօսիլ կը նշանակէ նախ անդրադառնալ համաշխարհայնացած աշխարհի ներկայ կացութեան, իր դրական ու բացասական երեսներով, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ինքնահասկացողութեան։ Այս երկու ազդակներու ազդեցութիւնը առանցքային է էքիւմէնիք շարժումին վրայ:
Անդրադառնալով եկեղեցւոյ ինքնահասկացողութեան՝ Հայրապետը շեշտեց, որ եկեղեցաբանութիւնը հարկ է որ վերարժեւորումի ենթարկուի ներկայ աշխարհի պայմաններուն լոյսին տակ։ Ի՞նչ տեսակ եկեղեցի կ՚ուզենք ունենալ ներկայ դարուն մէջ, հարց տուաւ Նորին Սրբութիւնը։ Եկեղեցին ո՛չ թանգարան է եւ ո՛չ ալ հաստատութիւն, այլ էապէս առաքելութիւն է։ Հետեւաբար, եկեղեցին ինքզինք ըլլալու ու իրագործելու մնայուն ընթացքի մէջ է. եկեղեցին հաւատքի համայնք է՝ հիմնուած Քրիստոսի ուսուցումներուն վրայ. եկեղեցին ճիշդ չէ վայրի մը հետ նոյնացնել, որովհետեւ ան առաքելութիւն է. եկեղեցին իր էութեամբ դէպի ժողովուրդ ուղղուած ծառայութիւն է. եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հարկ է որ ըլլայ համահունչ տուեալ պայմաններուն ու կարիքներուն։ Նոր ժամանակներու եկեղեցաբանութեան ընդհանուր վերլուծումը կատարելէ ետք, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ եկեղեցին կոչուած է իր պատէն, ծէսէն, դաւանանքէն ու վարչակազմակերպչական դրութենէն անդին երթալու՝ դառնալով ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ՝ ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ ու խաղաղութեան վկան ու ջատագովը։
Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժնին մէջ Վեհափառ Կաթողիկոս ընդհանուր գծերով ներկայացուց էքիւմէնիք շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ շեշտելով էքիւմէնիզմը հաստատութենական դրութեան գերին չդարձնելու անհրաժեշտութիւնը եւ զայն դէպի ժողովուրդ գացող շարժումի մը վերածելու հրամայականը։ Հետեւաբար, էքիւմէնիզմը կոչուած է վերատեսութեան ենթարկելու աւանդական մօտեցումները, յղացքները, ոճերն ու մեթոտները եւ մշակելու այնպիսի մօտեցման եղանակներ, որոնք կը համապատասխանեն ներկայ իրականութիւններուն, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց եկեղեցւոյ միութենէն անդին համապարփակ տեսլական ունենալու կարողութիւնը. տեսլական մը, որ կը կամրջէ տեղականն ու միջազգայինը, եկեղեցին ու ընկերութիւնը՝ ընդլայնելով էքիւմէնիք շարժումին օրակարգն ու հայեցակարգը։
Նորին Սրբութիւնը շարք մը հարցադրումներ ու վերլուծումներ կատարեց՝ իր երկար տարիներու էքիւմէնիք փորձառութեան լոյսին տակ։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ան շեշտեց էքիւմէնիզմին կարեւորութիւնը՝ ըսելով, որ եկեղեցին չի կրնար ապրիլ ու վկայել ինքնագոյ ու ինքնանպատակ կերպով։ Հակառակ իրենց ունեցած աստուածաբանական, դաւանաբանական, ծիսական ու վարչական տարբերութիւններուն, եկեղեցիները կոչուած են իրարու հետ ըլլալու, միասին աղօթելու, միասին մտածելու, միասին տագնապելու ու անհրաժեշտութեան պարագային միասին պայքարելու՝ ի խնդիր արդարութեան ու ճշմարտութեան յաղթանակին։