Փաշինեան կը սպառնայ հանրային ճնշում բանեցնել ընդդիմութեան վրայ․ «Հայաստան» խմբակցութիւնը կը մերժէ իշխանութեան սպառնալիքները

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան նոյեմբեր 2-ին յայտարարեց, որ եթէ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը շարունակէ ընդդիմանալ նոր Սահմանադրութեան ընդունման, իշխանական մեծամասնութիւնը պէտք է առաջնորդէ անոր նկատմամբ հանրային ճնշումի ձեւաւորումը։

2027 թուականի պետական ամավարկի քննարկումներուն ընթացքին Փաշինեան պնդեց, որ եթէ իշխանութիւնները կարենան համոզիչ պատասխաններ ներկայացնել սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապին մասին, ապա ընդդիմութեան մերժումը պիտի նշանակէ ընդդիմութիւն խաղաղութեան գործընթացին։

Վարչապետին այս յայտարարութիւնը անմիջական հակազդեցութեան արժանացաւ ընդդիմադիր շրջանակներուն կողմէ։

«Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան շեշտեց, որ որեւէ ճնշում չի կրնար փոխել ընդդիմութեան դիրքորոշումը։ Ան յիշեցուց, որ պատգամաւորները կը գործեն իրենց ընտրողներուն տուած լիազօրութեան հիման վրայ, եւ ժողովուրդը զիրենք չէ ընտրած ընդունելու համար այն, ինչ որ ընդդիմութիւնը կը բնորոշէ իբրեւ «Ալիեւի Սահմանադրութիւն»։

Իր կարգին, «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան յայտարարեց, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու ընդունումը չի երաշխաւորեր Պաքուի նոր պահանջներուն դադրեցումը։

Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ սրուող հակադրութիւնը կը բացայայտէ աւելի հիմնարար խնդիր մը. սահմանադրական գործընթացի շուրջ քաղաքական տարակարծութիւնը իշխանութիւններուն կողմէ կը ներկայացուի իբրեւ խաղաղութեան նկատմամբ դիրքորոշումի չափանիշ։

Ժողովրդավարական համակարգի մը մէջ, սակայն, ընդդիմութիւնը ճնշումի ենթարկելու փոխարէն՝ իշխանութիւնը պարտաւոր է պատասխանել ազգային անվտանգութեան, սահմանադրական ինքնիշխանութեան եւ բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերող անոր հարցումներուն։