ԹՐԻՓՓ-ի շուրջ Իրանի մտահոգութիւնները կը շարունակեն օրակարգի վրայ մնալ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ հայ-ամերիկեան համաձայնագիրի վաւերացումէն ետք, Իրանի անվտանգային եւ աշխարհաքաղաքական մտահոգութիւնները կը շարունակեն կարեւոր տեղ գրաւել տարածաշրջանային զարգացումներուն մէջ։

Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի նախապէս յայտարարած էր, թէ Թեհրանի համար անընդունելի են Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան փոփոխութիւնը, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտումը եւ հայ-իրանական սահմանին մօտ ամերիկեան ռազմական ներկայութեան հաստատումը։

Դեսպանը միաժամանակ շեշտած էր, որ Իրան սկզբունքով դէմ չէ շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, պայմանաւ որ այդ գործընթացը չվտանգէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ Իրանի ազգային անվտանգութեան շահերը։

Հոկտեմբեր 28-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը 63 կողմ եւ 32 դէմ քուէներով վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի համաձայնագիրը։ Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնները դէմ քուէարկեցին՝ հարցականի տակ դնելով նախատեսուած երթուղիին պայմանները եւ Հայաստանի ստանալիք փոխադարձ երաշխիքներուն բացակայութիւնը։

Հոկտեմբեր 30-ին դեսպան Շիրղոլամի հանդիպում ունեցած է Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան նախարար Դաւիթ Թադեւոսեանի հետ։ Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումը կեդրոնացած է արհեստագիտական համագործակցութեան վրայ, եւ ԹՐԻՓՓ-ի քննարկման մասին տեղեկութիւն չէ փոխանցուած։

Այս զարգացումներուն լոյսին տակ, Սիւնիքի ռազմավարական դիրքը եւ հայ-իրանական սահմանի անվտանգութիւնը կը շարունակեն մնալ առաջնահերթ հարցեր։

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են ապահովել հաղորդակցութեան ծրագիրներուն լիակատար համապատասխանութիւնը երկրի ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ ազգային անվտանգութեան շահերուն՝ առանց միակողմանի պարտաւորութիւններ ստանձնելու։