Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ մեծ յաջողութեամբ կայացան «Առաջնորդի ընթրիք»ի ձեռնարկները
- (0)

ՄՈՆԹՐԷԱԼ/ԹՈՐՈՆԹՕ.- Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի աւանդական «Առաջնորդի ընթրիք»ի տարեկան ձեռնարկները տեղի ունեցան Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ՝ համախմբելով թեմակալ հոգեւորականներ, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու համայնքի անդամներ։ Այս տարուան ձեռնարկները ձօնուած էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման 20-ամեակին եւ առաջնորդական ծառայութեան 10-ամեակին։
Մոնթրէալի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 2026-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ՝ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեաններու։ Իսկ Թորոնթոյի «Առաջնորդի ընթրիք»ը կայացաւ շաբաթ, 24 հոկտեմբերին, «Parkview Manor» սրահին մէջ՝ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներուն, ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ համայնքի բարերարներուն։ Թորոնթոյի ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորներն էին տէր եւ տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեանները։
Մոնթրէալի ձեռնարկի հանդիսավարն էր տիկ. Անի Պապիկեան, իսկ Թորոնթոյի ձեռնարկը վարեց տիկ. Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան։ Երկու ձեռնարկներուն ընթացքին ալ Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Ծովիկ Թերզեան ողջոյնի խօսքով անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի բազմաբնոյթ գործունէութեան, հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Սրբազան Հօր տասնամեայ առաջնորդական ծառայութեան։ Ան մասնաւորաբար շեշտեց ազգային միասնութեան, համագործակցութեան եւ բարերարներու շարունակական զօրակցութեան կարեւորութիւնը։
Երկու երեկոներուն ընթացքին ցուցադրուեցան Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզներ, ինչպէս նաեւ Սրբազան Հօր կեանքին ու ծառայութեան նուիրուած յատուկ տեսանիւթեր։
Ձեռնարկներուն կարեւոր բաժիններէն մէկը յատկացուած էր ազգային-եկեղեցական կեանքին իրենց բազմամեայ ծառայութիւնը բերած անձնաւորութիւններու պարգեւատրման։
Մոնթրէալի մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շնորհուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանին արժանացան տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեանները եւ տիկ. Աննա Պուլկարեանը։
Ազգային Առաջնորդարանի ազգային-եկեղեցական ծառայութեանց «Յովհան Մանդակունի» շքանշանով պարգեւատրուեցան ազգայիններ՝ Յակոբ Արեւեան, Յովհաննէս Գաթարոյեան, Սերժ Եսայեան, Մովսէս Թօփուզեան, Արեգ Մարգարեան, Մեթր Հրանդ Նահապետեան, Բրշ. Կարօ Սրկ. Նոխուտեան, Նորայր Պեզճեան, Նայիրի Բաբախեան, երէցկին Նինա Գոյունեան եւ Նուշիկ Էլոյեան։
Իսկ ազգային, կրթական, մշակութային եւ մասնագիտական իրագործումներու «Անանիա Շիրակացի» շքանշանին արժանացան տոքթ. Արմէն Ափրիկեան եւ Տոքթ. Մկրտիչ Տարաքճեան։
Նոյն առիթով, Բաբգէն Սրբազան Հայրը «Օրհնութեան գիր»ով գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնն ու ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը՝ Հայաստանի Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ կայացած Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումին ընթացքին 809 սկաուտներու մասնակցութեամբ աշխարհի մեծագոյն մարդկային շուշանածաղիկը կազմելու իրագործումին համար։
Թորոնթոյի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանին արժանացաւ Տիար Յարութ Գասապեան։
Իսկ «Յովհան Մանդակունի» շքանշանով պարգեւատրուեցան ազգայիններ՝ Նազար Չաթալեան, Նինա Մուրատեան, երէցկին Շաքէ Իշխանեան, երէցկին Սոնա Պետրոսեան, Երէցկին Սօսի Միքայէլեան, Պարգեւ Մայք Թիթիզեան, Սեպուկ Կապաճուզեան, Գէորգ Կարապետեան եւ Արմիկ Սէֆէրեան։
Երկու ձեռնարկներն ալ ճոխացան գեղարուեստական յայտագիրներով։ Մոնթրէալի մէջ ասմունքով հանդէս եկաւ Ռուբինա Քիւփէլեան, իսկ երաժշտական կատարումներով՝ դաշնակահար Խաչատուր Ղազարեան եւ մեներգիչ Սեւան Աբանեան։ Թորոնթոյի մէջ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի եւ Վահագն Դաւթեանի ստեղծագործութիւններէն։ Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Անուշ Գալուստեան եւ տոքթ. Ռազմիկ Պէպէճեան՝ ընկերակցութեամբ ջութակահար Նշան Փափազեանի եւ դաշնակահար Թալին Արթինեան Գըլըպոզեանի։
Երկու հանդիսութիւններուն ընթացքին ալ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան ընթերցեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը՝ նուիրուած Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի զոյգ յոբելեաններուն։
Իր եզրափակիչ պատգամներով Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց բոլոր շքանշանակիրները եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներուն, հովանաւորներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբերուն ու կամաւորներուն։ Ան շեշտեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը իր բազմաբնոյթ ծրագիրներով կը շարունակէ ծառայել գանատահայ համայնքներու հզօրացման, ազգային արժէքներու պահպանման եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան։
Երկու ձեռնարկներն ալ իրենց աւարտին հասան Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով, իսկ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ յոբելենական կարկանդակի հատում, որմէ ետք հնչեց «Կիլիկիա» մաղթերգը։