Դատարանը դադրեցուց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին դէմ քրէական գործին հիմք ծառայած քաղաքացիական դատին քննութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ.- Արմաւիր մարզի առաջին ատեանի դատարանը դադրեցուցած է Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Արման Սարոյեանի յարուցած քաղաքացիական գործին քննութիւնը՝ ընդունելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի իրաւական դիրքորոշումը, որուն համաձայն՝ թեմակալ առաջնորդներու նշանակումն ու պաշտօնազրկումը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին կանոնական իրաւասութեան կը պատկանին։

Հոկտեմբեր 22-ին, փաստաբան Արա Զօհրապեան տեղեկացուցած է, որ դատաւոր Էդգար Յովհաննիսեանի որոշումով դադրեցուած է Սարոյեանի ներկայացուցած դատին քննութիւնը։ Դատարանը նաեւ վերցուցած է նախապէս սահմանուած ժամանակաւոր սահմանափակումները, որոնք կը վերաբերէին Մասեացոտնի թեմի ղեկավարութեան եւ վարչական գործառոյթներուն։

Նախկին Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան դատական կարգով վիճարկած էր Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի որոշումը՝ զինք թեմակալ առաջնորդի պաշտօնէն հեռացնելու վերաբերեալ։

Դատարանը նախապէս ժամանակաւոր միջոցներ սահմանած էր՝ արգիլելով խոչընդոտել Սարոյեանի պաշտօնավարութեան եւ թեմի նիւթական միջոցներու տնօրինման։ Յետագային, երբ Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը որոշած էր զինք կարգալոյծ հռչակել, դատախազութիւնը քրէական հետապնդում սկսած էր Կաթողիկոսին եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վեց անդամներուն դէմ՝ դատական որոշումի գործադրութիւնը խոչընդոտելու մեղադրանքով։

Քաղաքացիական վարոյթին դադրեցումը կրնայ էական ազդեցութիւն ունենալ այդ քրէական գործին վրայ, թէեւ առանձին քրէական մեղադրանքները տակաւին չեն վերացուած։