Վանքուվըրի հայ համայնքը վերջին հրաժեշտը տուաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկերուհի Մարալ Մինասեան-Քիւլլահեանին
- (0)

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Ուրբաթ, 9 հոկտեմբերին, Վանքուվըրի հայ համայնքը համախմբուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ՝ իր վերջին հրաժեշտը տալու ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնկան կոմիտէի անդամ, նուիրիալ ու հաւատաւոր դաշնակցական ընկերուհի Մարալ Մինասեան-Քիւլլահեանին։
Անոր կեանքը եղաւ անսասան նուիրումի, հաւատարմութեան եւ զոհողութեան վառ օրինակ մը։ Իրեն համար հայ ըլլալը պարզապէս ինքնութիւն մը չէր, այլ՝ կեանքի կոչում՝ պահպանելու մեր ազգային ժառանգութիւնը, պաշտպանելու մեր ազգային իրաւունքները եւ բարձր պահելու ազատութեան, արդարութեան ու արժանապատուութեան գաղափարները։
Յուղարկաւորութեան արարողութեան նախագահեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան՝ մասնակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեանի, Թորոնթոյէն ժամանած Գերպ. Տ. Գարեգին Ծայրագոյն Վարդապետ Շխրտմեանի եւ Ս. Վարդան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գեղարդ Աւագ Քահանայ Կարապետեանի։
Արարողութեան ամէնէն յուզիչ պահերէն մէկը ընկերուհի Մարալի դստեր՝ ընկերուհի Լոռիի սրտառուչ խօսքն էր, որուն ընթացքին ան ներկաներուն հետ բաժնեց իր մօր կեանքէն թանկագին յուշեր եւ յուզիչ դրուագներ։
Ապա Վանքուվըրի ՀՅԴ Սիմոն Վրացեան կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Օհան Կիւրեղեան ընթերցեց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի դամբանական խօսքը։
Եկեղեցւոյ մէջ, ընկերուհի Մարալի ՀՕՄ-ական գաղափարակից ընկերուհիները, համախմբուած անոր դագաղին շուրջ, տեղւոյն մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Գլարա Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, միասնաբար ու բարձրաձայն արտասանեցին. «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար… Ընկերուհի՛ Մարալ, քու գործդ պիտի շարունակենք»։
Այս խոստումը պարզ հրաժեշտ մը չէր, այլ՝ հաւաքական ուխտ մը՝ շարունակելու անոր ազգանուէր ծառայութիւնը։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, դաշնակցական ընկերներն ու ընկերուհիները «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգի հնչիւններուն ներքեւ դագաղը առաջնորդեցին կեդրոնի սրահէն մինչեւ ելքը։ Ապա յուղարկաւորները ուղղուեցան դէպի Վիքթըրի Մեմորիալ գերեզմանատան հայկական բաժինը։
Խոր յուզումով, գաղափարակից ընկերներն ու ընկերուհիները ուղեկցեցան ընկերուհի Մարալի դագաղին, որ ծածկուած էր Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) դրօշներով։
«Վէրքերով լի» երգի հնչիւններուն ներքեւ, Հայաստանի Եռագոյնը, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի դրօշները առաջնորդեցին յուղարկաւորութեան թափօրը՝ խորհրդանշելով այն նուիրական գաղափարներն ու արժէքները, որոնց ընկերուհի Մարալ հաւատաց եւ հաւատարիմ մնաց իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։
Այդ վերջին հրաժեշտի պահուն վիշտը միախառնուեցաւ հպարտութեան, իսկ բաժանումը վերածուեցաւ նորոգուած ուխտի՝ շարունակելու այն գաղափարական ուղին, որուն ան նուիրած էր իր կեանքը։
Յաւերժ վառ մնայ ընկերուհի Մարալ Մինասեան-Քիւլլահեանի յիշատակը, իսկ անոր նուիրումի, հաւատարմութեան եւ ազգանուէր ծառայութեան ժառանգութիւնը թող շարունակէ ներշնչել գալիք սերունդները։
Յարգա՜նք իր անմոռանալի յիշատակին։
ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կոմիտէ
Վանքուվըր, Պրիթիշ Գոլոմպիա