Արցախի Հանրային խորհուրդը կը դատապարտէ Կութերէշի լռութիւնը՝ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին շուրջ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ— Արցախի Հանրապետութեան Հանրային խորհուրդը խստօրէն քննադատած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի՝ Երեւանի մէջ ընթացող COP17 համաժողովին կատարած յայտարարութիւնները, որոնց մէջ ան որեւէ անդրադարձ չէ կատարած արցախահայութեան բռնի տեղահանման եւ հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին։
Հրապարակուած յայտարարութեամբ Հանրային խորհուրդը խոր մտահոգութիւն եւ վրդովմունք յայտնած է, որ Կութերէշ, խօսելով բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն, կենսաբազմազանութեան պահպանման եւ միջազգային հանրութեան պատասխանատուութեան մասին, անտեսած է Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ճակատագիրը։
Խորհուրդը դատապարտած է այս լռութիւնը՝ յիշեցնելով, որ 2023-ի սեպտեմբերին աւելի քան 100 հազար արցախահայեր, Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումին եւ անոր նախորդած երկարատեւ շրջափակման հետեւանքով, հարկադրուած եղան լքելու իրենց հայրենիքը։
«Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին՝ գտնուելով երկրի մը մէջ, ուր ապաստան գտած են իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանուած տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, եւ միաժամանակ անտեսել անոնց վերադարձի իրաւունքը», հարց կու տայ Հանրային խորհուրդը։
Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ արցախահայութեան կապը իր հայրենի հողին, պատմական բնակավայրերուն եւ մշակութային ժառանգութեան հետ անքակտելի է։ Միաժամանակ, կը յիշեցուի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 17 նոյեմբեր 2023-ի որոշումը, որմով Ատրպէյճան պարտաւորուած է ապահովելու Արցախէն հեռացած եւ վերադառնալ փափաքող հայերուն անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արագ վերադարձը։
«Խաղաղութիւնը չի կրնար նշանակել բռնի տեղահանման հետեւանքներու օրինականացում։ Խաղաղութիւնը չի կրնար կառուցուիլ ամբողջ ժողովուրդի մը՝ իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը անտեսելու գնով», կը շեշտուի յայտարարութեան մէջ։
Արցախի Հանրային խորհուրդը Կութերէշէն պահանջած է հրապարակայնօրէն վերահաստատել արցախահայութեան անվտանգ, արժանապատիւ եւ կամաւոր վերադարձի իրաւունքը, աջակցիլ միջազգային դատարանի որոշման գործադրութեան եւ ապահովել, որ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները չանտեսուին միջազգային գործընթացներուն մէջ։
«Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքները չեն կրնար պաշտպանուիլ ընտրողաբար», կ՚եզրափակէ Հանրային խորհուրդը՝ ակնկալելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յստակ դիրքորոշումն ու գործնական արձագանգը։