Լիլիթ Գալստեան կը դատապարտէ իշխանութիւններու բնապահպանական քաղաքականութիւնը՝ ահազանգելով Ծաղկաձորի եւ Ամուլսարի մասին

ԵՐԵՒԱՆ— ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան խստօրէն քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններու բնապահպանական քաղաքականութիւնը՝ մատնանշելով Երեւանի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի կենսաբազմազանութեան COP17 համաժողովին եւ երկրին մէջ իրականացուող հանքարդիւնաբերական ու քաղաքաշինական ծրագիրներուն միջեւ առկայ հակասութիւնները։

Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած գրառումով Գալստեան դիտել տուած է, որ մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջազգային հանրութեան առջեւ կը շեշտէ բնութեան պահպանութեան կարեւորութիւնը, կառավարութիւնը օրեր առաջ յայտարարած է Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման մեկնարկը՝ անտեսելով շուրջ 50 բնապահպանական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ահազանգերն ու առարկութիւնները։

Գալստեան անդրադարձած է նաեւ Ծաղկաձորի մէջ տիրող իրավիճակին՝ ահազանգելով քաղաքի անկանոն կառուցապատման, անտառային տարածքներու ոչնչացման եւ պատմական դիմագիծի աղաւաղման մասին։ Ան տեղի ունեցածը բնութագրած է իբրեւ «քաղաքաշինական աղէտ»՝ խստօրէն քննադատելով պետական վերահսկողութեան բացակայութիւնն ու պատասխանատու մարմիններու անգործութիւնը։

Դաշնակցական պատգամաւորը յատկանշական նկատած է, որ բնապահպանական միջազգային համաժողովին զուգահեռ, Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպուած է «Mining Armenia Forum 2026» հանքարդիւնաբերական համաժողովը, ուր Փաշինեան դարձեալ խօսած է բնապահպանական չափանիշներու եւ պատասխանատու հանքարդիւնաբերութեան մասին։

«Սա սոսկ հողի դեգրադացիա (խմբ. քայքայում) չէ, սա մեր հասարակութեան, մեր արժէքային համակարգի դեգրադացիան է», ընդգծած է Գալստեան՝ զգուշացնելով, որ Հայաստանի բնական հարստութիւններու անխնայ շահագործումը եւ անվերահսկելի կառուցապատումը անդառնալի հետեւանքներ պիտի ունենան երկրի բնութեան եւ ապագայ սերունդներուն համար։