«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները ԱՄՆ հաւատարմատարին հետ քննարկեցին Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակն ու ժողովրդավարական խնդիրները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան, խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան եւ պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեան հոկտեմբեր 8-ին հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան–Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու խորացման եւ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր։
«Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչները անդրադարձան Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն՝ ամերիկացի դիւանագէտին ներկայացնելով իրենց մտահոգութիւնները խօսքի ազատութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ արձանագրուող խնդիրներուն վերաբերեալ։
Ընդդիմադիր պատգամաւորները մասնաւորաբար մտահոգութիւն յայտնեցին քաղաքական բնոյթ կրող քրէական հետապնդումներուն եւ երկրին մէջ ժողովրդավարական նահանջի դրսեւորումներուն առնչութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակեցին Հայաստան–Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախագիծին շուրջ։