Շաքիի դէպքը պետական անգործութեան հետեւանք է. Արթուր Խաչատրեան

ԵՐԵՒԱՆ.— «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան հոկտեմբեր 6-ին յայտարարեց, որ Շաքիի մէջ զինուած ատրպէյճանցի զինծառայողի ներթափանցման դէպքը պէտք է մանրամասն քննութեան ենթարկուի՝ ընդգծելով Պաշտպանութեան նախարարութեան, ԱԱԾ-ի եւ ոստիկանութեան պատասխանատուութիւնը։

Խաչատրեան նշեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Հայաստանի իշխանութիւնները տեղեակ պահած էին զինծառայողի սահմանը հատելուն մասին, սակայն հայկական կողմը անհրաժեշտ քայլեր չէ ձեռնարկած։ «Որեւէ բան չեն արել՝ յոյսը թողնելով, որ երեք երեխաների մայրը ատրպէյճանցի զինուած ասկեարին կվնասազերծի», ըսաւ ան։

Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ եթէ իշխանութիւնները իսկապէս կ՛ուզեն պարզել, թէ ինչպէս զինուած ատրպէյճանցին ներթափանցած է Հայաստան եւ կանխել նման դէպքերու կրկնութիւնը, պէտք է աջակցին խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու ընդդիմութեան նախաձեռնութեան։

Խաչատրեան նաեւ յայտարարեց, որ անվտանգութեան ձախողումը միայն ՊՆ-ի պատասխանատուութեան հարց չէ։ Ան ըսաւ, որ ներթափանցումէն ետք ԱԱԾ-ն եւ ոստիկանութիւնը պարտաւոր էին ուժեղացուած հսկողութիւն իրականացնել եւ բնակչութիւնը զգուշացնել վտանգին մասին։ «Ատրպէյճանցին իր ոտքով եկած, մտած է Հայաստան, եւ հանրութեան հետ որեւէ աշխատանք չէ տարուած։ Ասիկա պաշտօնական անգործութեան հետեւանքով ստեղծուած վտանգ է», ընդգծեց ան։