Ապրուած օրեր. Ե.- Տանիքէ տանիք

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Ընթերցողին:

«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:

Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

60-ականներու վերջն էր: Աշխարհը արագ կը փոխուէր: Պատերազմները չէին դադրեր, Պաղ պատերազմը իր թափին մէջ էր, իսկ մեծ պետութիւնները` հիւլէական զէնքերու մրցավազքի: Հին կարգեր կը քանդուէին, նոր աշխարհ մը կը ձեւաւորուէր: Մենք, անշո՛ւշտ, այդ բոլորէն շատ բան չէինք հասկնար:

Իմ աշխարհս շատ աւելի փոքր էր: Աղեքսանդրիոյ փոշոտ Ռուշտի թաղամասին մէջ, համեստ երկու ննջասենեակով յարկաբաժին մըն էր: Նասերի Եգիպտոսն էր: Հոն կ՛ապրէինք` քոյրս` Մարիլուն եւ ես, մեծ մօրս` Ազատուհիին հետ, որուն պատմութիւնը պատմեցի «Կելիպոլի տուն թիւ 54»-ին մէջ: Ծնողքս աշխատանքի բերումով այդ օրերուն ժամանակաւորապէս Ճափոն կ՛ապրէին: Եւ հոն էր, անշուշտ, զմիւռնիացի մեծ հայրս` Տիրան Գալֆայեանը: Այս յուշը Տիրանի մասին է:

Տիրանը Սուրէն եւ Մալվինա Գալֆայեաններու երեք տղոց կրտսերն էր: Ծնած էր Զմիւռնիա` Եգէականի այդ բազմազգ նաւահանգիստը, ուր հայեր, յոյներ, թուրքեր, հրեաներ ու եւրոպացիներ սերունդներ շարունակ կողք կողքի կ՛ապրէին: Քաղաքին մէջ տարբեր լեզուներ կը լսուէին, իսկ նաւահանգիստը Զմիւռնիան կը կապէր ամբողջ Միջերկրականին: Հայկական, յունական, հրէական, իսլամական եւ եւրոպական թաղամասերով Զմիւռնիան նաեւ առեւտուրի մեծ կեդրոն մըն էր, ուր քրիստոնեայ համայնքները տնտեսական ու մշակութային աշխուժ կեանք ունէին:

Անոր երկու մեծ եղբայրները` Էտմոնն ու Անթուանը, Եւրոպա ուսանած էին: Տիրանը հազիւ վեց-եօթը տարեկան էր, երբ 1922-ի սեպտեմբերին իրենց այդ աշխարհը մէկ օրէն միւսը վերջ գտաւ:

Սեպտեմբեր 9-ին, յունական բանակի պարտութենէն ու նահանջէն ետք, քեմալական ուժերը մտան Զմիւռնիա: Նաւահանգիստին մէջ բրիտանական, ֆրանսական, իտալական եւ ամերիկեան ռազմանաւեր կային, բայց քաղաքին հայ եւ յոյն բնակչութիւնը պաշտպանող բանակ այլեւս չկար: Յունական բանակը արդէն հեռացած էր, իսկ դաշնակից պետութիւնները պատրաստ չէին քեմալական ուժերուն դէմ նոր պատերազմի մը մէջ մտնելու: Չորս օր ետք սկսաւ մեծ հրդեհը: Քաղաքին հայկական եւ յունական թաղամասերուն մեծ մասը կործանեցաւ, եւ հազարաւորներ փրկութեան ճամբան փնտռեցին ծովուն վրայ:

Անոնք մէկն էին հազարաւոր հայ եւ յոյն ընտանիքներէն, որոնք սերունդներ շարունակ ապրած էին արեւմտեան Անատոլուի Եգէական ափերուն եւ հիմա բռնի կը քշուէին իրենց տուներէն:

Տիրանի երկու նահատակ եղբայրները` Էտմոն-Գալուստ եւ Անթուան:

Այդ օրերուն Տիրանի երկու մեծ եղբայրները թուրքերուն կողմէ տարուեցան եւ այլեւս երբեք չվերադարձան: Հայրը` Սուրէնը, ժամագործ էր: Տիրանը ծնողքին հետ կրցաւ Զմիւռնիայէն մեկնող վերջին նաւերէն մէկը հազիւ բարձրանալ եւ հասնիլ Յունաստան:

Հոն վեց ամիս սպասեցին։ Սպասեցին այն յոյսով, որ Էտմոնն ու Անթուանը օր մը կրնային յայտնուիլ։ Ամէն նոր հասնող նաւ թերեւս լուր մը բերէր։ Տիրանը տակաւին երեխայ էր, բայց արդէն կ՛աշխատէր ախոռի մը մէջ, իսկ իր ծնողները, երկու զաւակ կորսնցուցած, նոյն այդ ախոռին մէջ կ՛ապրէին։ Ժամանակ մը ետք Իզմիրէն փրկուած հայերն ու յոյները գրեթէ դադրեցան հասնելէ։ Սպասումը երկարեցաւ, անոնց յայտնուելու յոյսն ալ կամաց-կամաց մարեցաւ։ Գալֆայեանները նաւ մը առին դէպի Աղեքսանդրիա։ Իրենց գաղթական կեանքը կը սկսէր։

Տարիներ ետք հայկական թաղամասին հետքերն ալ պիտի անհետանային: Պատմաբան Էլինոր Մորաքի ուսումնասիրութեան համաձայն, 1920-ականներու վերջաւորութեան Զմիւռնիոյ քաղաքապետարանը բռնագրաւեց հրդեհուած շրջանի հողերը, ներառեալ` հայկական կալուածները, որոնց հատուցումները իրենց տէրերուն չհասան: 1930-ականներուն այդ տարածքին մէկ մասը դարձաւ այսօրուան Քիւլթիւրփարքը: Իսկ 1941-ին Թուրքիոյ պետական գանձարանը պահանջեց հայկական կալուածներուն հատուցումները` 1922-ի «Լքեալ գոյքերու» օրէնքին հիման վրայ: Այսպէս, Տիրանի ընտանիքին ետին ձգած աշխարհը ոչ միայն այրած էր, այլեւ անոր հողերն ու սեփականութիւններն ալ անցած էին ուրիշի ձեռքը:

Տիրան Գալֆայեան` իր վշտահար ծնողքին հետ գաղթականական նկարը, Զմիւռնիայէն բռնագաղթէն ետք, աշուն 1922:

Այս օրերուն ամառները Սալոնիկի կողմերը կ՛երթամ: Երբեմն ծովուն կը նայիմ ու կը մտածեմ, որ Զմիւռնիան միւս կողմն է: Նոյն ծովն է, զոր մեծ հայրս փոքր տարիքին անցած էր` առանց գիտնալու, որ այլեւս տուն պիտի չվերադառնար:

Աղեքսանդրիոյ մէջ գաղթականներու կեանքը տարբեր էր Պէյրութի կամ Հալէպի գաղթակայաններէն: Աղքատ ընտանիքներէն շատեր քաղաքին շէնքերուն տանիքներուն կառուցուած փոքր սենեակներու մէջ կը տեղաւորուէին: Գալֆայեաններն ալ այդ պայմաններուն մէջ սկսան իրենց նոր կեանքը: Բայց Տիրանին համար ծնողքին հետ այդ նոր կեանքը երկար չտեւեց: Տասնեօթը տարեկանին արդէն երկուքն ալ կորսնցուցած էր: Երկու զաւակներու կորուստը, գաղթը եւ աղքատութիւնը ծանր նստած էին անոնց վրայ: Տիրանը, դեռ պատանի, մինակ մնացած էր Աղեքսանդրիոյ մէջ:

Բայց նոյն այդ տանիքներուն վրայ ուրիշ պատմութիւն մըն ալ կը սկսէր:

Երիտասարդ Տիրանը` իր տանիքին վրայ, Աղեքսանդրիա:

Երկու շէնք անդին, տանիքի սենեակի մը մէջ, գեղեցիկ երիտասարդ աղջիկ մը կ՛ապրէր: Կ՛ըսէին, թէ ան ալ հայ էր: Անունը Ազատուհի էր: Կելիպոլիէն հեռանալէն ետք հայրը շուտ մահացած էր, եւ Կուտցի խանըմը զինք դրած էր հայ կաթողիկէ որբանոց մը, ուր մնացած էր մինչեւ չափահաս դառնալը: Յետոյ Ազատուհին կար ու ձեւ ընելով` իր եւ մօր օրուան ապրուստը կը հոգար: Չեմ գիտեր, թէ առաջին անգամ ո՛վ տեսաւ միւսը, կամ ինչպէ՛ս սկսաւ խօսակցութիւնը: Բայց ընտանեկան պատմութեան մէջ մնացած է, որ Տիրանի եւ Ազատուհիի սիրոյ պատմութիւնը սկսաւ տանիքէ տանիք:

Ազատուհին` իրենց տանիքին վրայ, Աղեքսանդրիա:

Ժամանակի ընթացքին Ազատուհիի բծախնդիր մայրը` Կուտցի խանըմը, համաձայնեցաւ անոնց ամուսնութեան: Բայց ուրիշ խնդիր մը կար: Տիրանը գրեթէ ոչինչ ունէր: Նոյնիսկ պարզ հարսանիքի մը ծախսերը հոգալ չէր կրնար: Այդ օրերուն Ճոն անունով ոչ հայ գործարար մը օգնութեան հասաւ եւ հոգաց հարսանիքին ծախսերը: Ինք ամուսնացած չէր եւ փոխարէնը միայն մէկ խնդրանք ունեցաւ. եթէ օր մը մանչ զաւակ ունենային, անունը Ճոն դնէին:

Այդպէս ալ եղաւ:

Տիրան եւ Ազատուհի Գալֆայեաններու համեստ հարսանիքը, Աղեքսանդրիա 1935:

Տիրանն ու Ազատուհին ամուսնացան եւ միասին սկսան իրենց կեանքը: Դիւրին տարիներ չէին: Երկուքն ալ գաղթական ընտանիքներէ եկած էին, եւ ունեցածնին քիչ էր: Բայց Տիրանը աշխատեցաւ, կամաց-կամաց ոտքի կանգնեցաւ եւ տարիներու ընթացքին հասաւ մինչեւ սեփական գործ ստեղծելու: Ան Եգիպտոսի մէջ մեխի արտադրութեան գործարան մը հիմնեց: Զմիւռնիայէն վեց-եօթը տարեկանին փախած, Յունաստանի մէջ ախոռի մը մէջ աշխատած եւ տասնեօթը տարեկանին որբ մնացած տղան իր ընտանիքին համար նոր կեանք մը կառուցած էր:

Տիրանն ու Ազատուհին ունեցան երեք զաւակ` Մալվինան, Մարիզը եւ Ճոնը: Ճոնին պատմութեան դեռ պիտի վերադառնամ: Անոնց երեք զաւակներէն պիտի գային տասը թոռներ, ապա` ինը ծոռներ:

Այդ տարիներէն պատկեր մը մնացած է մտքիս մէջ: Երբեմն մեծ հօրս հետ պատուհանէն կը դիտէինք մայր պողոտան: Օր մը Նասերը կ՛անցնէր` հազարաւոր համակիրներով շրջապատուած: Ամբոխը կը ծածանէր դրօշները, ոստիկաններ կային, պաստառներ, աղմուկ, եւ ամէն կողմէ նոյն բացագանչութիւնը կը բարձրանար:

Կամալ Ապտել Նասերը` Աղեքսանդրիոյ փողոցներուն մէջ, համակիրներու բազմութեան մէջ:

«Հոգիով ու արեամբ քեզ կը պաշտպանենք, ո՛վ նախագահ»: (Պըլրուհ, պըլտամ նահմիքա եա ռայիս):

Իսկ ես` երկու տարեկան լակոտ մը, այդ բոլորէն հիացած` կը ծափահարէի: Դրօշները, ամբոխին ձայները, ոստիկաններն ու պաստառները զիս կը զուարճացնէին: Արաբ ազգայնականութեան մեծ առաջնորդ Նասերը, երեւի` առանց գիտնալուս, այդ տարիքէս արդէն տպաւորած էր զիս: Մեծ մայրս ալ առիթէն կ՛օգտուէր: Մինչ ես պատուհանէն դուրս կը նայէի ու կը ծափահարէի, ան պատառ-պատառ միս կը խոթէր բերանս: Ուրիշ ձեւով չէի ուտեր:

Տիրանին կեանքը կրնար ուրիշ ուղղութեամբ ալ երթալ: Ներգաղթի տարիներուն ան մտածած էր Հայաստան փոխադրուիլ, ինչպէս` Եգիպտոսի շատ հայեր: Նաւերը Աղեքսանդրիայէն կը մեկնէին: Բայց վերջին վայրկեանի դժուարութեան մը պատճառով չյաջողեցաւ:

Եգիպտոսի շուկաներուն մէջ ոչ իսլամները`  հայերը, յոյները եւ իտալացիները, յաճախ «խաուակա» կը կոչուէին: Տեղացիներէն շատեր, մանաւանդ` հայ արհեստաւորներուն հանդէպ, յարգանք ունէին: Անոնք իրենց հետ բերած էին իրենց արհեստներն ու արուեստները եւ նպաստած` երկրի տնտեսութեան զարգացման:

Օր մը մեծ հօրս արաբ գործաւորները վազելով եկած եւ Տիրանին ըսած էին, թէ շուկային մէջ Լիբանանէն եկած ուրիշ հայ «խաուակա» մը կար: Հայրս` Փոլն էր: Այդ կէսօր Փոլը մեծ հօրս տունը ճաշի հրաւիրուեցաւ: Ճաշը ֆրանսական coq au vin էր: Ուրֆացիի զաւակ լիբանանահայ հայրս, որ տունը չի քէօֆթէով, հում ճիկերով եւ պատինճան քեպապով մեծցած էր, հիացած էր այս զմիւռնիացի ընտանիքին եւրոպական ճաշակին վրայ: Հարցուց.

– Այս ճաշը ո՞վ պատրաստած է: Շատ համեղ է:

–  Օ՜, մեր աղջիկը` Մալվինան, պատասխանեց մեծ մայրս, որ խոհանոցն է:

Կռահեցիք: Մեծ հօրս եւ մօրս սիրահարութիւնը տանիքէ տանիք սկսած էր, իսկ ծնողքիսը` coq au vin-ի վրայ, եւ շուտով շարունակուած էր երկար ամիսներու նամակագրութեամբ:

Կիւզէլ մեծիկներս` Տիրան եւ Ազատուհի Գալֆայեանները, Աղեքսանդրիա:

Կիրակի օրերը մեծ հայրս` Տիրանը, մեզ Աղեքսանդրիոյ Նուզհա կենդանաբանական պարտէզը կը տանէր իր եգիպտական արտադրութեամբ փոքր «Ռամսէս» ինքնաշարժով: Երբեմն ալ զիս հետը գործարան կը տանէր, եւ ես շատ կը սիրէի հոն երթալ: Այսօր զարմանքով ետ կը նայիմ: Ուսում չստացած մեծ հայրս, այդ վերապրող սերունդի ուրիշներու նման, ինքնաշխատութեամբ սորված էր իր գործարանին մեքենաները ծրագրել, գծել եւ կառուցել: Կարծեմ արտադրութեան հանդէպ սէրս ալ հոն` այդ մեքենաներուն մէջ ծնաւ: Տարիներ ետք պիտի ընտրէի ճարտարարուեստական ճարտարագիտութիւնը (industrial engineering)` առանց թերեւս գիտակցելու, թէ անոր առաջին սերմերը մեծ հօրս գործարանին մէջ ցանուած էին:

Տիրանը 2000-ին մահացաւ: Այսօր Աղեքսանդրիոյ Շաթպիի գերեզմանատան մէջ կը հանգչի` իր անդրանիկ տղուն` Ճոնին, Կուտցի խանըմին եւ Ազատուհիին հետ: Զմիւռնիան այլեւս երբեք չտեսաւ: Նորանկախ Հայաստան ալ չհասաւ:

Բայց կտակին մէջ ինծի բան մը ձգած էր` իր գաղթական ընտանիքին Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան անձնագիրը: Տասնամեակներ պահած էր զայն: Հիմա ես կը պահեմ` իմ վաւերական հայկական անձագիրիս կողքին:

Իր յիշատակին տղուս անունը Տիրան դրած եմ:

Եա սալա՜մ…

Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները

Ա. Կելիպոլի Տուն Թիւ 54 

Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

Գ.- Կիւզել Պոլիսն ու մեծ մայրս

Դ.- Պէյրութ, 70-ականներ