Երեւանի մէջ մեկնարկուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովը

ԵՐԵՒԱՆ — Սեպտեմբեր 25-ին Երեւանի մէջ պաշտօնապէս մեկնարկուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովը՝ մասնակցութեամբ շուրջ քսան երկիրներէ ժամանած Հայ Դատի կառոյցներու պատասխանատուներու եւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներու։ Խորհրդաժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ սեպտեմբեր 28։

Համաժողովին նպատակն է արժեւորել անցնող շրջանի աշխատանքները, քննարկել յառաջիկայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ, տարածաշրջանային ու միջազգային նոր պայմաններուն լոյսին տակ, կատարել մարտավարական անհրաժեշտ վերանայումներ։ Օրակարգի հիմնական խնդիրներն են Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին դիմագրաւած արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները եւ անոնց դիմակայման մէջ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի կարելիութիւններու օգտագործումը։

Պաշտօնական բացման ընթացքին ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային գրասենեակներու ներկայացուցիչներ։

Ռուստամեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ վերջին տարիներու պատերազմներուն հետեւանքով Հարաւային Կովկասի ռազմաքաղաքական պայմաններու փոփոխութեան՝ շեշտելով հայութեան սպառնացող վտանգներու եւ նոր մարտահրաւէրներու վերագնահատման անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ քննադատեց Հայաստանի իշխանութիւններու քաղաքական ուղեգիծը՝ զայն հակադրելով Հայ Դատի կառոյցներու կողմէ ազգային ինքնութեան, պետականութեան, ինքնիշխանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջադրանքներուն։

Իշխան Սաղաթէլեան իր կարգին անդրադարձաւ Հայ Դատի կառոյցներուն նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններու վերջերս կատարած անհիմն յարձակումներուն՝ շեշտելով, որ Հայ Դատի աշխատանքը ուղղուած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան։ Ան յատկապէս նշեց Ատրպէյճանի ռազմական աջակցութեան սահմանափակման, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի, հայ գերիներու ազատ արձակման եւ միջազգային հարթակներու վրայ հայկական դիրքերու պաշտպանութեան ուղղութիւնները։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան հիմնական ոլորտները՝ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումէն եւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութենէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում եւ հատուցման հարցեր, Սփիւռքի հայկական համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ երիտասարդութեան քաղաքական մասնակցութեան խթանում։ Ան եւս անդրադարձաւ Հայաստանի իշխանութիւններու հետ նախկին համագործակցութեան խզման՝ նշելով, որ Հայ Դատի կառոյցները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը անկախ այդ խիստ տարակարծութիւններէն։

Խորհրդաժողովին առիթով ողջոյնի ուղերձներ յղած էին նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Հայ Դատի համաշխարհային կառոյցներու աշխատանքին եւ կարեւորելով հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներու, ինքնութեան ու համազգային շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող հետեւողական գործունէութիւնը։

Խորհրդաժողովի յառաջիկայ նիստերուն նախատեսուած է քննարկել Հայ Դատի կառոյցներու վերջին երկու տարիներու գործունէութիւնը, Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ստեղծուած նոր քաղաքական եւ անվտանգային պայմանները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շրջանի համաշխարհային աշխատանքի առաջնահերթութիւնները։