Էրտողան․ Թուրքիա վճռականօրէն կը շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, անդրադարձաւ Կազայի կացութեան, Սուրիոյ, ռուս-ուքրանական պատերազմին, Կիպրոսի հարցին եւ Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին։

Խօսելով Հարաւային Կովկասի մասին՝ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ դիրքորոշումը «չափազանց յստակ» է եւ Անգարա կը փափաքի տեսնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մնայուն խաղաղութեան հաստատումը։

«Կը գնահատենք եւ կ՚աջակցինք պարոն Ալիեւի եւ պարոն Փաշինեանի՝ լուծման ուղղութեամբ ցուցաբերած կամքին։ Վճռականօրէն առաջ կը մղենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը», ըսաւ Էրտողան։