ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 54-րդ Պատգամաւորական ժողովի յայտարարութիւն
- (0)

ԳԵՄՊՐԻՃ.- 2026 օգոստոս 21-էն 23-ի շաբաթավերջին, Գեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) 54-րդ Պատգամաւորական ժողովը՝ մասնակցութեամբ Մոնթրէալի եւ Լաւալի «Լեւոն Շանթ-Փեկոր Աշոտ», Գեմպրիճի «Արամ Մանուկեան», Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» եւ Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերէն 30 պատգամաւորներու։
Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմինի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Գեմպրիճի «Արամ Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ ՀԵԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը։
Ժողովը բացուեցաւ ուրբաթ երեկոյեան, իսկ յաջորդող երկու օրերու նիստերուն ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական, դաստիարակչական, ներքին կազմակերպական եւ նիւթական հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ կազմակերպուող ամառնային ճամբարներուն վերաբերող ծրագիրներ։
Այս ծիրին մէջ որոշուեցաւ կեդրոնանալ ներքին կազմակերպական հզօրացման ծրագիրներու վրայ, որպէսզի միութիւնը շարունակէ զարգանալ եւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրէ՝ միաժամանակ քայլ պահելով երիտասարդութեան ժամանակակից կարիքներուն եւ ակնկալութիւններուն հետ։ Ժողովը նաեւ որոշեց նոր թափով շարունակել Հայաստանի մէջ ամառնային ճամբարներու կազմակերպման աշխատանքը՝ ապահովելու անոնց շարունակականութիւնը եւ հայրենիքէն ներս աւելի եւս ամրապնդելու ՀՅԴ ԳԵՄ-ի զօրակցական ծրագիրները։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան նոր Կեդրոնական վարչութիւնը։
ՀՅԴ ԳԵՄ-Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ 54-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ