ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան 54-րդ Պատգամաւորական ժողովի յայտարարութիւն
- (0)

ԳԵՄՊՐԻՃ.- 2026 օգոստոս 21-էն 23-ի շաբաթավերջին, Գեմպրիճի Հայ կեդրոնէն ներս կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) 54-րդ Պատգամաւորական ժողովը, մասնակցութեամբ Մոնթրէալի եւ Լաւալի «Լեւոն Շանթ-Փեկոր Աշոտ», Գեմպրիճի «Արամ Մանուկեան», Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» եւ Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերէն 30 պատգամաւորներու։
Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմինի ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Գեմպրիճի «Արամ Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ ՀԵԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը։
Ուրբաթ երեկոյեան ժողովը բացուեցաւ, եւ երկու օրերու վրայ երկարող նիստերու ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան քաղաքական, դաստիարակչական, ներքին կազմակերպչական, նիւթական եւ Հայաստանի մէջ կայացող ամառնային ճամբարներու վերաբերող հարցեր։
Այս առումով որոշուեցաւ կեդրոնանալ ներքին կազմակերպական հզօրացման ծրագիրներու վրայ, որպէսզի միութիւնը շարունակէ զարգանալ եւ արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ՝ միաժամանակ քայլ պահելով երիտասարդութեան ժամանակակից կարիքներուն եւ ակնկալութիւններուն հետ։ Ժողովը նաեւ որոշեց նոր թափով լծուիլ Հայաստանի մէջ ճամբարներու շարունակականութեան ապահովման աշխատանքին՝ հայրենիքէն ներս ՀՅԴ ԳԵՄ-ի զօրակցական ներկայութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու նպատակով։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական վարչութիւն։
ՀՅԴ ԳԵՄ-Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ 54-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ