«Հայաքուէ»-ն Վեհափառ Հայրապետին դէմ յարուցուած քրէական գործին հարցով դիմած է միջազգային կառոյցներու

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաքուէ» ազգային քաղաքացիական միաւորումը դիմած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին, ՄԱԿ-ին, ՄԱԿ-ի կրօնի եւ դաւանանքի ազատութեան հարցերով յատուկ զեկուցողին եւ միջազգային այլ կառոյցներու՝ ահազանգելով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին եւ կանոնական ինքնակառավարման նկատմամբ պետական միջամտութեան մասին։

Միաւորումը միջազգային կառոյցներուն ուշադրութիւնը յատկապէս հրաւիրած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի վեց եպիսկոպոսներու ու արքեպիսկոպոսներու նկատմամբ յարուցուած քրէական գործին, ինչպէս նաեւ օգոստոս 28-ին նշանակուած նախնական դատական նիստին վրայ։

«Հայաքուէ»-ն ընդգծած է, որ ՀՀ Սահմանադրութիւնը կ՚երաշխաւորէ կրօնական կազմակերպութիւններու գործունէութեան ազատութիւնն ու պետութենէն անոնց անջատուածութիւնը, հետեւաբար Եկեղեցւոյ ներքին, հոգեւոր եւ կանոնական կեանքին վերաբերող հարցերը չեն կրնար աշխարհիկ իշխանութեան կողմէ քրէական հետապնդման հիմք դառնալ։

Միաւորումը միջազգային կառոյցներուն կոչ ուղղած է հետեւելու դատական գործընթացին եւ զայն գնահատելու կրօնի ազատութեան, Եկեղեցւոյ հաստատութենական ինքնավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան միջազգային չափանիշներու լոյսին տակ։