Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդ. Հայոց Եկեղեցւոյ բարենորոգումը չի կրնար կատարուիլ արտաքին ճնշումներով ու սպառնալիքներով

ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Օգոստոս 26-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի, Հայաստանի եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Եկեղեցւոյ վարչական եւ կանոնական հարցեր, ինչպէս նաեւ Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ կացութիւնը։

Ժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեամբ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտեց իշխանութիւններուն կողմէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ շարունակուող գործողութիւնները՝ նշելով, որ Ազգային ժողովին մէջ իշխող ուժի վերջին յայտարարութիւնները կը խորացնեն լարուածութիւնը եւ նոր բաժանումներու վտանգ կը ստեղծեն Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ իշխանութիւնները կը փորձեն վարկաբեկել Մայր Աթոռը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ հոգեւորականութիւնը՝ Եկեղեցին ներկայացնելով իբրեւ «օտար ազդեցութեան գործակալ», «պետութիւն՝ պետութեան մէջ» եւ «անվտանգութեան սպառնալիք»։ Խորհուրդը շեշտեց, որ Արցախի համար աղօթելը, արցախահայութեան իրաւունքներու ու հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ Պաքուի մէջ պահուող հայերու ազատ արձակման հարցի բարձրաձայնումը չեն կրնար «պատերազմի քարոզչութիւն» նկատուիլ։

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը ընդգծեց նաեւ, որ կառավարութիւնը սահմանադրական որեւէ լիազօրութիւն չունի Եկեղեցւոյ բարենորոգումը կառավարութեան ծրագրի մաս դարձնելու կամ միջամտելու ներեկեղեցական կեանքին։

«Հայոց Եկեղեցւոյ բարենորոգումը չի կրնար կատարուիլ արտաքին ճնշումներով, սպառնալիքներով եւ նման կամայականութիւններով», կ՚ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Խորհուրդը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց դպրոցներէն «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դուրսբերման, Զինուած ուժերուն մէջ հոգեւոր առաջնորդութեան ծառայութեան լուծարման եւ այլ սահմանափակումներու առնչութեամբ՝ շեշտելով, որ Հայոց Եկեղեցին պիտի շարունակէ պաշտպանել ազգային ինքնութիւնը, միաբանութիւնը եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները։