Միասնական, բայց արդեօ՞ք միակարծիք

Վարանդ Փափազեանը վերընթերցելով

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ


Վարանդ Փափազեան երիտասարդութեանս տարիներուն քաղաքական մտածողութեան ուսուցիչներէս մէկը եղած է: Իր մտածողութիւնը միշտ տպաւորած է զիս, թերեւս նաեւ որովհետեւ մեր զրոյցները միշտ համաձայնութեամբ չէին վերջանար: Թէ՛ ընտանեկան հաւաքներուն եւ թէ՛ քաղաքացիական դասընթացքներու ժամանակ կը վիճէինք, երբեմն երկար եւ շատ հարցերու շուրջ տարբեր կարծիքներ ունէինք: Բայց ճիշդ այդ տարակարծութիւններուն մէջ շատ բան սորված եմ իրմէ: Սորվեցայ մանաւանդ, որ քաղաքական մտածողութիւնը անպայման համաձայնելու արուեստը չէ: Հարցումները ճիշդ դնելու, սեփական համոզումները քննութեան ենթարկելու եւ տարբեր կարծիքին մէջ ալ մտածելու արժանի բան մը փնտռելու կարողութիւնն է:

Վերջերս կրկին կարդացի իր «Ազգի միութիւնը» գրութիւնը, որ տեղ գտած է 1998-ի «Պայքար եւ ռազմավարութիւն» գրքոյկին մէջ: Հոն Վարանդ Փափազեանը հետաքրքրական ձեւով կը մօտենայ ազգային միութեան գաղափարին: Ազգը միատարր ամբողջութիւն չէ, կ՛ըսէ: Անոր անդամները կրնան ունենալ` տարբեր ընկերային դիրքեր, քաղաքական համոզումներ, տնտեսական շահեր եւ աշխարհայեացքներ: Հետեւաբար ազգային միութիւնը չի կրնար նշանակել այդ տարբերութիւններու վերացում: Միութիւնը կը սկսի այնտեղ, ուր այդ տարբերութիւններուն կողքին մարդիկ կը գիտակցին, որ ունին նաեւ ընդհանուր շահեր եւ զանոնք հաւաքաբար հետապնդելու անհրաժեշտութիւն: Այս իմաստով ազգային գիտակցութիւնը միայն անցեալի, ծագումի կամ մշակոյթի զգացում չէ: Ան նաեւ ընդհանուր շահի գիտակցութիւն է: Իսկ այդ գիտակցութիւնը քաղաքական նշանակութիւն կը ստանայ այն ատեն, երբ կը վերածուի հաւաքական գործելու կարողութեան:

Այս միտքը այսօր եւս արժէ վերաքննել: Հայկական իրականութեան մէջ «միասնութիւն» բառը յաճախ կը գործածենք ճգնաժամերու ատեն: Կոչ կ՛ուղղենք` միանալու, մէկ կողմ դնելու տարակարծութիւնները, մէկ ձայնով խօսելու: Բարի ցանկութիւն է, բայց անոր ետին երբեմն վտանգաւոր ենթադրութիւն մը կայ. կարծես միասնական ըլլալու համար պէտք է նոյն ձեւով մտածենք: Բայց միութիւնը միակարծութիւն չէ:

Քաղաքականապէս հասուն ժողովուրդ մը պէտք է կարենայ խորապէս տարակարծիք ըլլալ եւ միաժամանակ պահպանել ընդհանուր պատկանելիութեան ու ընդհանուր շահի գիտակցութիւնը: Կրնանք տարբեր կարծիքներ ունենալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, իշխանութեան եւ ընդդիմութեան, սփիւռքի դերին, Արցախի կամ մեր ազգային հաստատութիւններուն շուրջ: Այս տարակարծութիւնները ինքնին ազգային տկարութեան նշան չեն: Ընդհակառակը, ազատ քաղաքական համայնքի բնական վիճակն են:

Խնդիրը կը սկսի այն ատեն, երբ տարակարծութիւնը այնքան կը խորանայ, որ այլեւս չենք տեսներ անոր տակ գտնուող ընդհանուր շահը: Երբ կուսակցութիւնը, կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը, կազմակերպութիւնը կամ գաղափարական ճամբարը կը դառնան այն հիմնական «մենք»-ը, որուն միջոցով կը տեսնենք նաեւ միւս հայը:

Հետեւաբար ազգային միութիւնը պէտք չէ շփոթել համընդհանուր համաձայնութեան հետ: Մենք կրնանք խորապէս տարակարծիք ըլլալ եւ տակաւին միասին մնալ իբրեւ փոքր ազգ` պահպանելով նոյն քաղաքական համայնքին պատկանելու գիտակցութիւնը:

Այս հարցումը մեզ կը ստիպէ փնտռելու այն նեղ, բայց ամուր հիմքը, որ տարակարծութիւններէն վեր կը մնայ: Հայաստանի Հանրապետութեան գոյատեւումը, հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը, հայկական մշակոյթի եւ լեզուի շարունակականութիւնը, հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ կապի պահպանումը թերեւս այդ հիմքին մաս կազմեն: Ցանկը կրնայ վիճելի ըլլալ, եւ ճիշդ այդ պատճառով ան պէտք է քննարկուի:

Վարանդ Փափազեանի հետ զրոյցներէս սորված կարեւոր բաներէս մէկը թերեւս հոս կը վերադառնայ. պարտադիր չէ, որ տարակարծութիւնը բաժնէ մեզ: Երբեմն ճիշդ տարակարծութիւնն է, որ կը ստիպէ աւելի յստակ հասկնալ, թէ ի՛նչն է մեզ միացնողը:

Եթէ ազգային միութիւնը քաղաքական իմաստ պիտի ունենայ, այդ միացնողը պէտք է կարենանք նաեւ սահմանել: Իսկ այդտեղէն բնականաբար կը հասնինք յաջորդ նիւթին` ազգային շահին:

Այսօր, ՀՅԴ-ի «Դէպի Երկիր» շարժումէն 36 տարի ետք, թերեւս աւելի քան երբեք կարեւոր է վերադառնալ Վարանդ Փափազեանի նման գործիչներու մտածումին եւ իմաստուն խօսքերուն:

Կը կարօտնամ մտածող հայ քաղաքական միտքը: Մանաւանդ երբ, Միհրան Քիւրտողլեանի խօսքերով, «լուռ ու ամայի տարածութեան մէջ ինկած ես» եւ կը յիշես «կենդանութեան նշան տուող ձայներ»: Վարանդ Փափազեանը այդ ձայներէն մէկն էր: Կրնայինք չհամաձայնիլ, կրնայինք վիճիլ, բայց ան կը ստիպէր մտածել: Լոզունգներու ետին ապաստանելու փոխարէն` կը հարցադրէր, կը վիճարկէր եւ իր համոզումներուն համար կը պայքարէր:

Յիշողութեանս մէջ Վարանդ Փափազեան այդպէս ալ պիտի մնայ. մտածող եւ մարտունակ հայ մտաւորական մը: