Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս իշխանութիւնը սպառնալիք է հայկական պետականութեան համար»

ԵՐԵՒԱՆ — ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած է, որ իշխանափոխութեան հարցը կը շարունակէ մնալ քաղաքական օրակարգին վրայ՝ ընդգծելով, որ գործող իշխանութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանի առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները ոչ միայն չեն վերացած, այլ օրեցօր կ՚աւելնան։

Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Սաղաթէլեան ըսած է, որ խորհրդարանին մէջ եւ անկէ դուրս կան ուժեր, որոնք շահագրգռուած են իշխանափոխութեամբ, եւ անհրաժեշտ է անոնց հետ քննարկումներու ճամբով ձեւաւորել համախմբում ու մշակել գործողութիւններու ճանապարհային քարտէս։

«Մենք ունինք մեր պատկերացումները, բայց զանոնք հրապարակայնացնելէ առաջ ճիշդ պիտի ըլլայ այդ օրակարգին շուրջ համաձայնութիւն ձեւաւորել», ըսած է ան։

Սաղաթէլեանի գնահատմամբ՝ յառաջիկայ քաղաքական հիմնական բախումները կրնան առնչուիլ Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ տարածքային նոր զիջումներու հարցերուն։ Ան մասնաւորաբար նշած է ներփակ տարածքներու (անկլաւներու) հարցը՝ պնդելով, որ իշխանութիւնները այժմէն հասարակութիւնը կը նախապատրաստեն նոր զիջումներու։

«Մենք պէտք է ստեղծենք դիմադրող համակարգեր, որպէսզի կարենանք թոյլ չտալ այդ գործընթացներու իրականացումը եւ հասնիլ իշխանափոխութեան», ըսած է Սաղաթէլեան։

Անդրադառնալով TRIPP-ի ծիրին մէջ Հայաստանի ուժանիւթային պահանջարկը տարածաշրջանային ելեկտրական հաղորդման ենթակառոյցներու միջոցով ապահովելու հաւանականութեան՝ Սաղաթէլեան յայտնած է, որ չի հաւատար, թէ Թուրքիան կամ Ատրպէյճանը կրնան Հայաստանի համար վստահելի այլընտրանքային մատակարարներ դառնալ։

Ան շեշտած է, որ երկու պետութիւններուն նկատմամբ վստահութիւն չունի՝ նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին հետ պատմական եւ ներկայ հակամարտութիւնները ու անոնց քաղաքական նպատակները։

Սաղաթէլեանի կարծիքով՝ Թուրքիայէն կամ Ատրպէյճանէն կախուածութեան խորացումը Հայաստանի համար անվտանգային լուրջ վտանգներ կը պարունակէ։ Ան զգուշացուցած է, որ Հայաստանի աւանդական մատակարարներէն հեռանալը կրնայ երկիրը կախեալ դարձնել այնպիսի պետութիւններէ, որոնք ապագային կրնան քաղաքական նպատակներով դադրեցնել մատակարարումները։

«Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը հետեւեալն է՝ թշնամանալ բարեկամ երկիրներու հետ եւ փորձել բարեկամանալ թշնամի երկիրներու հետ։ Արդիւնքին՝ բարեկամներուն հետ պիտի թշնամանանք, իսկ թշնամիներուն հետ պիտի չբարեկամանանք, եւ երկիրը պիտի տանին նոր արկածախնդրութիւններու», եզրափակած է Սաղաթէլեան։