Արամ Վարդեւանեան ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ

ԵՐԵՒԱՆ — Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արամ Վարդեւանեան 53 կողմ ձայնով ընտրուեցաւ խորհրդարանի երրորդ փոխնախագահի պաշտօնին։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Արուսեակ Մանավազեան նախապէս յայտարարած էր, որ ՔՊ-ն Վարդեւանեանի ընտրութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ թիւով ձայներ պիտի տրամադրէ։ Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը եւս յայտարարած էր, որ իր ամբողջ կազմով կողմ պիտի քուէարկէ Վարդեւանեանի թեկնածութեան։

Առանց իշխող խմբակցութեան ձայներուն՝ ընդդիմութեան թեկնածուն չէր կրնար ընտրուիլ Ազգային ժողովի փոխնախագահ։

Խորհրդարանի միւս երկու փոխնախագահներն են «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամներ Հայկ Կոնջորեան եւ Վահագն Ալեքսանեան։ Օրէնքի համաձայն՝ Ազգային ժողովի երրորդ փոխնախագահի պաշտօնը վերապահուած է ընդդիմութեան։