Աղուան Վարդանեան պիտի ստանձնէ պատգամաւորական լիազօրութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» դաշինքի թեկնածու Աղուան Վարդանեան յայտարարեց, որ պիտի ստանձնէ Ազգային ժողովի պատգամաւորական լիազօրութիւնը՝ վերջ դնելով այդ հարցին շուրջ շրջանառուող քննարկումներուն։

ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ հրապարակած գրառումով Վարդանեան նշեց, որ թէեւ լիազօրութիւնը երբեք անձնական առաջնահերթութիւն չէ եղած իրեն համար, ներկայ հանգրուանին պարտքի գիտակցումը կը պահանջէ, որ ինք մնայ իր քաղաքական խումբին կողքին։ Ան շեշտեց, որ իր բացակայութիւնը կրնայ դժուարութիւններ ստեղծել խորհրդարանական խմբակցութեան մէջ, եւ անհրաժեշտ նկատեց շարունակել աշխատանքը Իշխան Սաղաթէլեանի եւ Նարեկ Կարապետեանի հետ։

Սահմանադրական դատարանի կողմէ եօթը քաղաքական ուժերու դիմումներու մերժումէն ետք, ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներով Ազգային ժողով մուտք պիտի գործեն «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը՝ 64, «Ուժեղ Հայաստան»ը՝ 29, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ 12 պատգամաւորներով։