Սփիւռքի լինելութիւնը «վերադարձ»էն առաջ եւ յետոյ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Լոս Անճելըսի մէջ, 14-15 Մարտին տեղի ունեցած «Սփիւռք» Խորհրդաժողովի անդրադարձին արձագանգելով, Րաֆֆի Արտալճեան իր «Վերադարձի Վերիմաստաւորումը. Մտորումներ՝ 2026ի Լոս Անճելըսի «Սփիւռք» Խորհրդաժողովէն» յօդուածով («Ասպարէզ», 30 Ապրիլ 2026) լուսարձակի տակ կ՛առնէ Սփիւռքը նկարագրող երկու յղացքներ՝ «հայրենազրկուածներ» եւ «հայրենալքողներ», զորս կը քաղէ  Խաժակ Մկրտիչեանի եւ Յակոբ Պալեանի համապատասխան յօդուածներէն: Առանց անպայմանօրէն հակադրուելու այդ յղացքները հիմնաւորող փաստարկներուն, Րաֆֆին ճիշդ կերպով դիտել կու տայ, որ անոնք բաւարար չեն «արտայայտելու համար մեր իրականութեան ամբողջ բարդութիւնը»: Ասոր հիմնական պատճառը, կը բացատրէ, այն է, որ նման բնորոշում «կրնայ կաղապարել մեր քաղաքական միտքը՝ փոխանակ զայն մղելու դէպի նոր ու աւելի ընդգրկուն հորիզոններ»:

Այս պակասը լրացնելու համար ան կը դիմէ «վերադարձ»ի գաղափարի «վերիմաստաւորման» որպէս «սերնդային բարդ փորձառութիւն»: Ընդ որում, եւ ներկայացնելէ ետք մինչեւ Հայաստանի անկախացում այդ հասկացողութեան ընկալման եւ սփիւռքեան քաղաքական օրակարգի վրայ ընդգրկման հանգրուանները, ուշադրութեան կեդրոնին կը բերէ «21րդ դարու հայկական անդրազգային տարածքին ընդլայնումը. ազգ մը, որ կը գործէ հայկական պետութեան մէջ եւ օրըստօրէ աւելի՝ անոր սահմաններէն դուրս»: Հետեւաբար, կը նախաձեռնէ «վերադարձ»ի վերասահմանումին՝ «21րդ դարու հայկական քաղաքական մտքին համար» զայն դիտարկելով «ազգային նոր գիտակցութեան փուլ»ի մը ենթադրումին մէջ, որ ենթակայականօրէն կ՛իմաստաւորէ «շարունակաբար ներգրաւուած մնալ հայկական ազգային կեանքին մէջ» բանաձեւումով: Րաֆֆին կը մէջբերէ «վերադարձ»ի բազմաթիւ ձեւեր՝ քաղաքացիութեան ձեռքբերումէն մինչեւ կապերու պահպանում, ներդրումներ, քաղաքական մասնակցութիւն, առցանց ներկայութիւն… Հայրենաբնակ թէ Սփիւռք բնակող հայութիւնը համարելով մէկ ամբողջութիւն, Րաֆֆին կ՛եզրակացնէ. «Ի վերջոյ, վերադարձը պէտք է դադրի ըլլալէ անցեալի առասպել մը եւ դառնայ նախ եւ առաջ վերադարձ դէպի գիտակից ազգային ու ցանցային մասնակցութիւն», ամէնէն աւելի կարեւորելով «ապագայի հանդէպ մեր հաւաքական քաղաքացիական յանձնառութիւնը»:

Եւ քանի որ յօդուածի աւարտին ան հարց կու տայ, թէ «վերադարձ»ի վերիմաստաւորման իր փորձը ի՛նչ արձագանգ պիտի գտնէ, կամ աւելի ուղղակի՝ «Ես վերադարձած եմ. իսկ դո՞ւք», կը հարցնէ, պիտի փորձեմ արձագանգել՝ «վերադարձ»ի ընկալումը քննադատաբար տեղադրելով Սփիւռքեան գոյավիճակի լինելութեան մարտահրաւէրին մէջ:

Րաֆֆիին մեկնակէտը երկու յօդուածներ են, ուր յստակ է, թէ «վերադարձ»ը ինչ կը նշանակէ: Սփիւռքը ընկալել որպէս «հայրենահանուած» կամ «հայրենալքած» հաւաքականութիւն, կը նշանակէ, որ Սփիւռքին «ճակատագրուած» է վերադառնալ հայրենիք: Կամ՝ սփիւռքեան ինքնութիւնը չի՛ կրնար ընկալուիլ որպէս ինքնուրոյն, այսինքն՝ ոչ անպայմանօրէն առնչուող ինչ-որ վերադարձի գաղափարի՝ «ռէալ» ըլլայ այդ, խորհրդանշական, թէ որպէս հաւատոյ հանգանակ: Այս խօսոյթը յատկանշական է, եթէ ոչ կեդրոնական, նախաանկախութիւն սփիւռքեան յարացոյցի մը, որ Սփիւռքը կը բնութագրէր որպէս անցողակի հանգրուան, որպէս ազգային հաւաքականութեան աշխարհագրական ոչ-բնական իրավիճակ՝ դատապարտուած ուծացման, եթէ ինչ-որ ապագայի հայրենիք վերադարձի կարելիութիւնը չքացուի: Այն ժամանակ, Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի խորհրդայնացումով անկախ հայրենիքէ դուրս հայութեան հատուածին համար, համարեայ ամբողջ երեք սերունդ, սխալ չէր այդ մօտեցումը, այնքան ատեն, որ ինքնութենական քաղաքականացման զօրաշարժին կը նպաստէր: Սակայն սփիւռքեան ինքնուրոյնութիւնը կամ «ինքնացումը»՝ հետեւելով Յարութիւն Քիւրքճեանի յղացքին, առանց հայրենակապակցութեան ժխտումին, իր տեղը գտած էր Սփիւռքի մասին մտածողներու, ստեղծագործողներու եւ 1970ականներուն ծնունդ առած սփիւռքագիտական մարզին մէջ իրենք զիրենք հաստատած ակադեմականներու մօտ 1970-80 բախտորոշ տասնամեակներուն: Կը մնայ, որ Սփիւռքի քաղաքական մտածողութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջատիրական պայքարով յեղափոխական շրջադարձ յառաջացուցած էր սփիւռքեան երրորդ սերունդին մօտ, անկախութենէն ետք, բայց մասնաւորաբար 21րդ դարու սկիզբէն ի վեր, երբ արդէն ե՛ւ միջազգային, ե՛ւ հայկական իրականութեան փոխուած պայմանները յստակացած էին, չկարողացաւ Սփիւռքի ինքնուրոյնութիւնը վերածել քաղաքական օրակարգի առանց զայն պայմանաւորելու եւ պարտաւորելու հայաստանեան զարգացումներու տրամաբանութեամբ՝ Հայաստան-Սփիւռք առաջնահերթային, եթէ ոչ մենաշնորհային ուղղուածութեամբ: Արդիւնքով, Սփիւռքը որպէս «հայրենազրկուած» հաւաքականութիւն կամ «հայրենալքողներ» նկարագրող հանրային խօսոյթը շարունակուեցաւ, ի շարս «Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ»ի նման մանթրաներու: Անհրաժեշտ ուշադրութեան չարժանացան, օրինակի համար, «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ»ի նման ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները, որոնք, ի մէջ այլոց, կը բացայայտէին իր մեծամասնութեամբ սփիւռքեան զուգորդուած ինքնութիւն մը, ուր հայկականութիւնը կը գոյակցի, առաջնահերթաբար կամ ոչ, այլ, ծնած կամ ապրած երկրի մը ինքնութեան հետ: Այլ խօսքով, մինչ «հայրենազրկուած» ու «հայրենալքող» սփիւռքեան նկարագրումները կը շարունակեն յատկանշել համասփիւռքեան ցանց եւ զօրաշարժի կարողականութիւն ունեցող գլխաւոր կազմակերպութիւններու պաշտօնական խօսոյթը՝ խմբագրական ըլլայ այդ, հանրային ելոյթ թէ հարցազրոյց, սփիւռքեան լինելութիւնը, կամ Վահէ Օշականին բանաստեղծած/ձեւած «սփիւքահայ ըլլալ»ը, կը բնութագրուի որպէս այդ երկու նկարագրութիւնները գերազանցած գոյավիճակ, որպէս իր տարբերումով ինքնուրոյն ինքնութիւն:

Ինչպէս այս յօդուածի երկրորդ պարբերութեան մէջ ամփոփ նկարագրած եմ, Րաֆֆին փորձած է գերազանցել «վերադարձ»ի իմաստաւորման աւանդական սահմանափակումը եւ վերիմաստաւորել զայն որպէս «ուղի», ուր հիմնականը «շարունակաբար ներգրաւուած մնալ (է) հայկական ազգային կեանքին մէջ»: Անկէ անդին, բազմաթիւ օրինակներ կու տայ այդ շարունակական ներգրաւման՝ իրաւական, ընկերային ու ընտանեկան, գործնական, քաղաքական մասնակցութիւն, առցանց ներկայութիւն…

Ողջունելի է Րաֆֆիին այս յօդուածին պատգամը՝ «հայրենազրկուած»ի եւ «հայրենալքող»ի ենթադրած «վերադարձ»ի միակողմանի՝ Սփիւռքէն հայրենիք, ընկալումը վերիմաստաւորելու հայրենիքի եւ Սփիւռքի ամբողջութեամբ յատկանշուող 21րդ դարու հայկական իրականութեան ոլորտին մէջ: Այդ տրամաբանութիւնը կը գերազանցէ հայութեան որեւէ հատուածը առաջնահերթային նկատելէ եւ ազգային յանձնառութիւնը կը տեղադրէ բազմաձեւ «վերադարձ»ը մնայուն «հոսք»ի վերածելու նախանձախնդրութեան մէջ: Այս տրամաբանութիւնը անխուսափելի է, երբ, ինչպէս Րաֆֆին դիտել կու տայ իր յօդուածին մէջ, «21րդ դարու մարդկութեան պատմութիւնը, ի վերջոյ, գաղթի եւ տեղաշարժի պատմութիւնն է»:

Այդուհանդերձ, երկու յստակացում անհրաժեշտ է գերազանցելու համար Սփիւռքը նկարագրող / սահման(ափակ)ող այդ երկու յղացքները:

Առաջին, յօդուածին մէջ Րաֆֆին կը գործածէ «հայկական անդրազգային տարածք» հասկացողութիւն մը, որ կը մէկտեղէ ե՛ւ հայկական պետութեան սահմաններուն մէջ, ե՛ւ Սփիւռքի տարածքին բնակող հայութիւնը, ինչ որ համահունչ է «համահայկականութիւն» կամ «հայաշխարհ» հասկացողութեան: Ոչ շատ հեռաւոր անցեալին, այդ մէկը յստակ կը նկարագրուէր որպէս «Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնութիւն», որ եթէ մէկ կողմէն կը փորձէր հաւաքական ամբողջականութեան այդ նկարագրումներուն վերացականութիւնը մեղմացնել յստակ ամբողջութիւններու յղելով, միւս կողմէ սակայն չէր յաջողեր լաւագոյն պարագային ծրագրի մը բաղձանքէն անդին անցնիլ, որովհետեւ, փաստօրէն, կը վերաբերէր գերիշխան պետութեան մը, միջազգային, ոչ իսկ Հայաստանի կողմէ  ճանաչում չունեցող պետութեան մը եւ իր ընդհանրութեան մէջ ընկալուող ոչ-պետական հաւաքականութեան երեւոյթի մը: Այդ եռամիասնութիւնը երբեք չունեցաւ յարաբերման եւ կառավարման ինչ-որ հայեցակարգ: «Անդրազգային» յղացքը, սակայն, կը սահմանուի որպէս երեւոյթներ, գործընթացներ, յարաբերութիւններ կամ ինքնութիւններ, որոնք կը գերազանցեն մէկ պետութեան կամ ազգային սահմաններու շրջանակը եւ կը գործեն բազմաթիւ երկիրներու կամ հասարակութիւններու միջեւ։ Այս մէկը հարազատ է Սփիւռքին, ինչպէս Խաչիկ Թէօլէօլեանը արդէն շատոնց բնութագրած է: Պետութեան տեղն ու դերը հոն խնդրոյ առարկայ են: Երբ Րաֆֆին կ՛ակնարկէ «հայկական անդրազգային տարածք»ի մը, սեղանի վրայ կը դնէ համահայկական կառավարման տեսլական մը, որ անհրաժեշտ է հայեցակարգել ի խնդիր կառավարման կամ գոնէ յարաբերութիւններու ճշգրտումի՝ ինչպէս որ, օրինակի համար, Իտալիոյ, Լիթուանիայի, Իսրայէլի եւ այլ սփիւռք ունեցող եւ երեւոյթին կարեւորութիւնը հասկցած երկիրներու պարագային է: Նման հայեցակարգումի փորձ եթէ նոյնիսկ անցեալին եղած է, երբեք չէ ամրագրուած, չէ «ինստիտուցիոնալացած» երկու պատճառով. Հայաստանի քաղաքական խաւը երբեք չէ ընդունած որեւէ հարթակ, ուր փոխյարաբերութիւններու եւ որոշումներու կայացման ինչ-որ հաւասար իրաւունքներ պիտի ըլլային, իսկ համասփիւռքեան ցանց եւ զօրաշարժի կարողականութիւն ունեցող կազմակերպութիւնները, որոնք առարկայականօրէն սփիւռքահայ տարբեր հատուածներու ներկայացուցչական հանգամանքը ունին, չեն եղած այնքան լայնախոհ եւ հեռատես, որ սփիւռքեան համագործակցութեան առանձին հարթակ մը ստեղծեն եւ այդ մօտեցումով ներկայանան թէ Հայաստանի քաղաքական խաւին, եւ թէ քաղաքացիական հասարակութեան: Իւրաքանչիւրը փորձած է իր սեփական միջնորդականութիւնը ունենալ, անկախ որ բոլորն ալ արտայայտուած են «Սփիւռք»ի անունով: Հետեւանքով՝ Հայաստանի քաղաքական խաւը, ի մասնաւորի տուեալ ժամանակաշրջանի իշխանութիւնները, Սփիւռքին հետ յարաբերած են բացառապէս իրենց պայմանական շահերուն համապատասխանող սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն դիմելով: Անդրազգային հասկացողութիւնը, հետեւաբար, ներկայ պայմաններուն մէջ պիտի վերապահել բացառապէս սփիւռքեան գոյավիճակին:

Երկրորդ յստակացումը կը վերաբերի «վերադարձ»ի վերիմաստաւորման: Ընդունելով հանդերձ Րաֆֆիին առաջարկած «վերադարձի ուղի»ն որպէս ազգային գիտակցութեան նոր փուլ, հարց կը ծագի, թէ ո՞վ եւ ո՞ւր պիտի վերադառնայ: Չբարդացնելու համար վերլուծումը, «վերադարձի ուղի»ն փորձենք ընկալել լոկ սփիւռքեան գոյավիճակի պայմաններուն մէջ, ուր պատգամը յղուած պիտի ըլլայ բոլոր այն սփիւռքահայերուն, որոնք կա՛մ հեռացած են սփիւռքեան վայրերը բնորոշող կառոյցներէն, կա՛մ ալ իրենց ինքնութենական (Րաֆֆին կը գործածէ «ազգային» բայց կը խօսինք անդրազգային գոյավիճակի մէջ գտնուող անհատներու մասին, որոնց հայկական ինքնութիւնը, ինչպէս վերը մէջբերեցինք «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ»ի եզրակացութիւնը, առաւելաբար զուգորդուած է) յանձնառութիւնը առանց միջնորդութեան եւ ենթակայական բնոյթի նախաձեռնութիւններով կը կապեն հայրենիքի հետ: Եւ, դարձեալ դիմելով «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ»ին, Սփիւռքի մէջ Սփիւռքի մասին մտածողներուն գլխաւոր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ այն գրեթէ ինիսուն տոկոսի հասնող սփիւռքահայ հատուածը, որ հեռու է համայնքային կառոյցներէն, յատկապէս Սփիւռքի քաղաքական կազմակերպութիւններէն, եւ այն հիմնական թերութիւնը, զոր մատնացոյց կ՛ընեն՝ տեսլական ունեցող ղեկավարութեան մը բացակայութիւնը: «Վերադարձ»ը հետեւաբար կը վերաբերի ա՛յդ հատուածը մօտեցնելու սփիւռքեան կառոյցներուն, ուր «ազգային նոր գիտակցութիւնը» կ՛արտայայտուի հաւաքական իր ներկայացուցչութեան եւ զօրաշարժի ու ազդեցութեան կարողութեան ընդմէջէն: Այդ մէկը կ՛ենթադրէ սփիւռքեան օրակարգ մը, առանց որեւէ ոչ-սփիւռքեան պայմանաւորումի եւ պարտաւորումի, մեկնած առարկայական անժխտելի տուեալէ մը. սփիւռքեան գոյավիճակը լինելութիւն է ամէն «վերադարձ»է առաջ եւ անկէ անդին: