Հայութեան հոգին ըստ Մաղաքիա Վրդ. Օրմանեանի (շար. 2)
- (0)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.
ԱՂՏԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ԹԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ…
Ըստ Օրմանեան վարդապետի, Հայոց պատմութեան մէջ կան գործեր եւ դէպքեր, որոնք արտասուել կու տան։ Նաեւ՝ անոնց համար «տխրելու եւ ամչնալու տեղի ունիմք» (վստահաբար, այսօրուան շարք մը գործերու եւ դէպքերու մասին ալ իր երկնայած միտքը նոյնը կ’ըսէ․․․)։ «Գէշ ու տգեղ» գործեր եւ դէպքեր չեն պակսած Հայոց պատմութեան մէջ։ Սակայն որպէս ջատագով հայութեան հոգիին, աւելցուցած․ «միթէ հայե՞րն են միայն, որ այդպիսի յանցանաց պարտաւոր գտնուած են երկրիս վրայ, կամ թէ՝ ներկայ ժամանակաց մէջ ալ հայերէ զատ ուրիշներ չկա՞ն, որ հաւասարապէս նոյն տեսակ ամբաստանութեանց կրնան ենթարկուիլ»։ Յետոյ պնդած է, թէ գրեթէ պատմութիւն չկայ, որ իր անուան «անարգանք առթող գործեր չունենայ, պետութիւն չկայ, որ զղջալու առիթ եղող պատահարներ չողբայ, եւ հիմակ ալ ամէն տեղ եւ ամէն կողմ հակառակութիւնք կը տիրեն եւ ընդդիմութիւնք կը թագաւորեն։ Ամէնէն աւելի զօրաւոր եւ իմաստուն եւ խոհեմ կարծուած ազգաց մէջ այնպիսի բաժանմունք եւ հերձուածք կը տիրեն, որք ինչուան ազգին եւ պետութեան հիմանց հաստատութիւնը կը վտանգեն»։ Արդ, չկայ ազգ որ «կատարեալ առաքինի կրնայ ըլլալ, եւ ոչ ալ՝ բովանդակ մոլի եւ չար սեպուիլ»։
Աղտեղութիւնները՝ մատնիչներն են ու «անձնասէր»ներն են, եւ անոնց գործերն ու գործերէն յառաջացած մութ դէպքերը, որոնք Հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներուն մէջ երեւցան։ Եւ անձնասիրութեան տարածուելով՝ անմիաբանութիւնը հայութեան հոգիին ուժը մերթ ընդ մերթ փտեցուց։ Յիշած է Արշակունեաց եւ Բագրատունեաց շրջանները, երբ «հայ ձեռքեր» օտարին ծառայեցին։ Ակնարկած է նաեւ Բիւզանդական քայքայիչ քաղաքականութեան ծառայածներուն։ Բայց այն փտումի օրինակները՝ հայութեան հոգիին իսկութենէն խոտորումներ էին, ուստի՝ «բնական» չէին։ Եթէ «բնական» ըլլային՝ ապա «պէտք էր որ ընդունէինք, թէ հայքս աղէկ ապագայ մը չունիմք», գրած է (այս «չունիմք»ն ալ՝ ակնարկութի՞ւն մը չէ աղտեղութիւններուն իր օրուան մէջ եւս երեւումին, եւ ոչ միայն՝ անցեալին վրայ կեցած պնդում․․․)։ Աղտեղութիւններուն հեղինակները «ընդհանրութեան մը կերպ»ը չեն մարմնաւորած/չեն մարմանաւորեր այսինքն՝ հայութեան հոգիին ո՛չ միայն իսկութիւնը, այլ նաեւ ընդհանրական կերպարանքը չեն եղած/չեն։ Անոնք ազգին հանդէպ յանցաւորներ էին/են։
Բայց Հայոց պատմութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ թերութիւններ։ Թերութիւններուն մասին առհասարակ մտածած է իբր պակասութիւններ, եւ ոչ՝ յանցանքներ։ Թերութիւններէն շատերը՝ հայոց պատասխանատուութեան արդիւնքներ չէին։ Սակաւը՝ էին։ Առհասարակ, շատերը թերութիւններուն՝ «հայուն կամքէն անկախ չարութիւններ» էին։ Գրած է․ «․․.տասնչորս դարէ ի վեր շարունակ կը հարուածեն այդ տարաբաղդ ազգը եւ դժբախտ երկիրը, որ հզօրաց մէջտեղը մնացած եւ անոնց կրից թատրոն ըլլալու դժպհի բախտն ունեցաւ» (շատ հաւանաբար՝ նկատի ունեցած է բիւզանդացիներուն եւ պարսիկներուն միջեւ Հայաստանի բաժանումէն՝ 387-էն․․․)։ Դժբախտութիւնները անկարելի դարձուցած էին ազգին կրթութիւնը։ Սակայն ծովացեալ հարուածներու ովկիանոսին մէջ՝ հայութիւնը տոկաց, հաստատած է։ Յիրաւի, բազմադարեան տիրապետութիւններու ենթակայ՝ հայը ազդուեցաւ իր վրայ օտար իշխողներուն լուծէն ու խաւարէն։ Իշխողները իրենց լուծին ու խաւարին սկսան ընտելացնել հայութեան հոգին, եւ իրենց յանցաւոր «սեփական թերութեանց զգածմունքները» պատուաստեցին անոր վրայ։ Հայաստանը որ ինկաւ «ներհակընդդէմ զօրութեանց մէջ»՝ տարուբերեցաւ․ մէկ կէսը՝ այս, եւ միւս կէսը՝ այն տէրութեան կամ ազգի ծառայութեան ներքեւ ինկաւ, եւ անոր ազդեցութիւններուն ենթարկուեցաւ։ Եւ իշխողները բաժնեցին ու անջատեցին ո՛չ միայն Հայաստանը, այլեւ հայութեան հոգին, եւ «տարբեր շահերու նկատողութեամբ՝ տարբեր կարծիքներ յարուցին» հայութեան մէջ։ Եւ հայութեան ազգային միաբանութիւնը բաժան-բաժան եղաւ։ Այնուհանդերձ՝ այն բաժանումները չկրցան ջնջել անոր էական յատկութիւնները։
Թերութիւններուն առնչութեամբ դիտողութիւն մը արձանագրած է։ Ըստ որուն, թերութիւններ ալ կան, զորս վերապահութեամբ պէտք է նկատի ունենալ։ Այն դիտողութիւնը՝ քննադատութիւն մըն է մեր պատմիչներուն, որոնք իրենց ժամանակակից պարագաներուն խորհրդածութեանց «շատ հետամուտ» չեն եղած, եւ թերութեան դէմքերուն «գաղտնի դիտմանց, սկզբանց, նպատակին, յատկութեանց եւ նմանօրինակ տեղեկութեանց» վրայ բաւական ուշ չեն դարձուցած։ Հետեւաբար, այս կամ այն պատմական եղելութեան «ըստ արժանւոյն» կշռադատումը դժուարացուցած են։ Ասիկա պատճառ է, որ ինք անձնապէս, երբ ուզած է «դժպհի գործ մը» զննել եւ դատել՝ անճրկած է։
Հայոց պատմութեան աղտեղութիւններով եւ թերութիւններով հանդերձ, հայութեան հոգիին դրականութեան իր համոզումին մէջ անխախտ մնացած է վարդապետը։ Եւ հետեւեալ յուսադրիչ պատկերաւոր միտքը արտայայտած է․ «Աչուըներուդ առջեւը ըլլայ սեպացեալ ժայռին օրինակը, որ համատարած ովկիանին ալիքներէն կը ծեծուի, կը դիմանայ, եւ չխորտակուիր․ միթէ՞ օրէն է ըսել՝ թէ ինչո՞ւ գեղեցկատեսիլ ծաղիկներով զարդարուած չէ․ կամ թէ՝ անոր վրայ մանր ծառեր, կանաչ թուփեր, փոքրիկ արօտներ միայն տեսնալով՝ կրնա՞ն ըսել, թէ ինչո՞ւ բարձրուղեշ ծառեր, գեղասաղարդ անտառներ եւ ընդարձակ մարգագետիններ չպարունակեր։ Միթէ՞ զարմանալու չենք անոր հաստատութեան եւ մասանց իրարու հետ ամրապինդ միութեան վրայ, որով միայն անկործան մնացած է եւ կը մնայ»։
Բայց յուսադրիչ այս միտքը իր օրուան համար բաւարար չէ, խորհած է։ «Աղէկ պտուղ ընդունելու համար» հայութիւնը իր հոգին պէտք է մշակէ եւ խնամէ։ Ամենէն ընտիր սերմնահատիկը անգամ՝ «վտիտ եւ տկար, որդնոտ եւ փտած պտուղներ կու տայ»՝ եթէ անոր հողը չմշակուի, եւ չխնամուի անիկա։
Հայութեան հոգին մշակուելու եւ խնամուելու կամ կրթուելու կը կարօտի, որպէսզի իր աղտեղութիւնները չքանան, ամենատեսակ թերութիւնները պակսին եւ առաւելութիւնները առատանան։ Ներկայ ժամանակաշրջանը՝ յեղափոխական է, եւ յեղափոխական ժամանակաշրջանը՝ կրթութիւն կը պահանջէ, առաջնահերթաբար։ Այլեւս կարելի չէ թերութիւնները դիտել՝ լոկ իբր պակասութիւններ։ Պատասխանատուութիւնը ստիպողական է, անկէ խուսափիլը՝ յանցանք։ Արդ, «մեք հայոյն մտաւորական տաղանդը շահեցնեմք», գրած է։
(Շարունակելի 2)