«Հայաստան» դաշինքը պիտի պահանջէ դատաւոր Սեդա Սաֆարեանի ինքնաբացարկը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — «Հայաստան» դաշինքը կը պատրաստուի Սահմանադրական դատարան դիմում ներկայացնել՝ պահանջելով, որ դատաւոր Սեդա Սաֆարեանի մասնակցութիւնը յունիս 26-ին մեկնարկելիք դատաքննութեան ճանչցուի անհնարին։
Սահմանադրական դատարանին մէջ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեան յայտնած է, որ դիմումին հիմքը դատաւորին հաւանական կողմնակալութեան հարցն է, կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։
Սեդա Սաֆարեան 2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդգրկուած եղած է «Շիրինեան-Բաբաջանեան ժողովրդավարներու դաշինք»-ի ընտրական ցուցակին մէջ։ Միաժամանակ, Արման Բաբաջանեանի գլխաւորած «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութիւնը եւս Սահմանադրական դատարանին մէջ կը վիճարկէ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։
Աւելի կանուխ, Սահմանադրական դատարանը որոշած էր, որ դատաւորներ Վլադիմիր Վարդանեանն ու Արտակ Զէյնալեան պիտի չմասնակցին քաղաքական եօթ ուժերու դիմումներու քննութեան, նկատի ունենալով, որ անոնք դատավարութեան կողմերուն նկատմամբ «կանխակալ վերաբերմունք» ունին։
Վլադիմիր Վարդանեան Սահմանադրական դատարանի կազմ տեղափոխուած է Ազգային ժողովէն՝ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութենէն, իսկ Արտակ Զէյնալեան, մինչեւ դատաւոր ընտրուիլը, եղած է Արամ Սարգսեանի գլխաւորած «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան եւ Երեւանի աւագանիի համանուն խմբակցութեան անդամ։