Միաւորուող ընդդիմութեան օրակարգին վրայ՝ կեղծուած ընտրութիւններու հարցը եւ նոր զիջումներու կանխումը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Կեղծուած ընտրութիւններու հարցը եւ Հայաստանի կողմէ հնարաւոր նոր տարածքային զիջումներու կանխումը պիտի ըլլան միաւորուող ընդդիմութեան գլխաւոր օրակարգային կէտերը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին յայտնեց «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան։
Ընդդիմադիր ուժերու համախմբման նախաձեռնութեան մասին նախապէս յայտարարած էր «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան՝ նշելով, որ հայրենիքի ապագայով մտահոգ ընդդիմադիր ուժերը պէտք է միանան եւ ձեւաւորեն հետընտրական ընդդիմադիր համագործակցութեան նոր հարթակ։
Սաղաթելեան ողջունեց նախաձեռնութիւնը՝ ընդգծելով, որ «Հայաստան» դաշինքը վաղուց նման համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին խօսած է։ Անոր համաձայն, դեռ քննարկումներու ընթացքին պիտի յստականայ, թէ նոր ձեւաչափը պիտի ըլլայ ընդդիմադիր կոալիցիա՞, կոմիտէ՞, թէ այլ կառոյց, սակայն գլխաւոր նպատակը ընդդիմադիր ուժերու համադրուած աշխատանքն է հետընտրական փուլին մէջ։
Սաղաթելեանի խօսքով, ընդդիմութիւնը կը պատրաստուի դիմել Սահմանադրական դատարան՝ ընտրական խախտումներու վերաբերեալ փաստերով եւ օրինակներով հիմնաւորուած փաթեթ ներկայացնելով։ Ան նաեւ չբացառեց, որ այդ ընթացքին տեղի ունենան բողոքի գործողութիւններ։
Անդրադառնալով Սահմանադրական դատարանի դերակատարութեան՝ Սաղաթելեան նշեց, որ դատարանը պէտք է ընտրութիւն կատարէ՝ կա՛մ առաջնորդուիլ Սահմանադրութեամբ եւ արձանագրել խախտումները, կա՛մ դառնալ գործող իշխանութեան կցորդը։