Միասնութեան զօրաշարժ
- (0)

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կանգնած Փարիզի սրտին վրայ՝ երեւանեան պուրակի, անմահ Կոմիտասի քար լռութեան հովանիին ներքոյ, կը խոկամ խօսուածները, որոնք կ’ամփոփուին մտքիս մէջ, մարմին կը ստանան, կը վերածուին զօրքի, զօրաշարժի. Կոմիտասն է զօրավարը, կը խօսի.
– Այստեղ եմ, կը տեսնեմ ամէն բան, բայց չէի խօսէր քանի որ կ’աղօթէի որ եկող օրերը ըլլան բարի։ Մենք բոլորս Սփիւռքի մարմինն ենք, Սփիւռքը աներեւոյթ ոգին է սփռուած հայութեան՝ ճաշակած նախճիր, հալածանք. բայց ալ անկարող է տոկալու՝ ստորացումներու եւ անտեսումի յոռի երեւոյթին, ականատես ըլլալու սեփական հայրենիքի մաս առ մաս կտրտուելուն, ապազգայնացման, նահատակներու արեան սրբապղծման։
Մինչ Կոմիտասեան մեղեդին շարականացած դէպի երկինք կը բարձրանայ մեր աղօթքին հետ, պատգամ մը յստակ կը լսուի ամպամած վերերէն։
– Հարկ է վերանորոգել ուխտը մեր եւ գործի անցնիլ, հաւատարիմ մնալով մեր պապերու պատկանելիութեան, շարունակելու պայքարը մեր՝ յանուն արդարութեան, մեր ներուժը զօրաշարժի ենթարկելով…
Ապագայի բոլոր ծրագրերը պահ մը թռիչք կ’առնեն, կը սլանան դէպի Մայր Հայաստան, կը վերածուին տեսիլքի, նպատակի. կ’իմաստաւորուին մեծն Կոմիտասի հանճարով, տոկունութեամբ եւ սիրով, խարսխուած մեր ինքնութեան անկորչելի արժէքներուն վրայ, որոնց վրայ թշնամին չունի իշխանութիւն, բացի եթէ թոյլատու ըլլանք…։
Սեն գետի ափին, Դաւիթ Երեւանցիի կերտած Մեծն երաժշտագէտի ոգեղինացած ներկայութիւնը կ’ամրացնէ մեր ներքին կորովը, որ մեզ պահած է դարեր շարունակ;
Սովորական ճամբորդութեան չէր նմաներ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէ մեր այստեղ հաւաքուիլը։ 11 եւ 12 Ապրիլը տարբեր բովանդակութիւն ունեցող օրեր էին, մանաւանդ որ կը զուգադիպէին Ապրիլ ամսուան կապուած մեր գոյատեւման եւ լինելութեան ցաւի յիշատակին…
Նոյն մտահոգութիւններով, պատասխանատուութեան զգացումով, նոր լուծումներ գտնելու համար հաւաքուած…
ներկայի տարտամ ցաւով, որ նոյնն է՝ Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի։ Ներբանները՝ 26 տարբեր հողակտորներու ներուժով ողողուած, բայց մտքերուն մէջ մէկ սեւեռում ունեցողներ՝ ելք, լուծում գտնել կը ջանային, թանկագին նոյն մօր համար. տեսիլք մը գուցէ անորոշութենէ, վտանգէ փրկէ ծնողական տունը մեր միասնական։ Երբ կը քննարկուէին մեր հաւաքական ներուժի ուղիները, պատմութիւնը՝ խեղաթիւրուող, մայրենին՝ աղաւաղուող, հողերը կծիկ առ կծիկ յանձնուող, հայու լինելութիւնը հարցականի տակ դրուող, ըսուեցաւ թէ Սփիւռքը ալ չի կրնար միայն դիտորդ ըլլալ, ձեռնածալ նստած սպասելով թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յաջորդող նուաստացուցիչ քայլը, որ քիչ մը աւելի պիտի տկարացնէ մեզ իբրեւ ազգ, վնասելով մեր պահանջատիրական եւ հայեցի դիմագիծին։
Իւրաքանչիւր ելոյթ կամ առաջարկ կը յուշէր որ մեր իրական զօրաշարժը կը սկսի մեր միասնական համահայկական միտքէն ու կամքէն։ 26 երկիրներէ եւ պատասխանատու դիւանագէտներու կողմէ հնչած գաղափարներ։ Նոյն կամքով, հաւատքով ու սիրով մտածող անհատներու՝ մեր ներկայ իրականութիւնը յուզող խնդիրներ ներկայացուեցան մեր ազգին, հայրենիքին, Արցախին եւ ազգային ինքնութեան սպառնացող թաքնուած ու աներեւոյթ վտանգներու գոյութիւնը հոտառութեամբ զգացողներու կողմէ։ Մանաւանդ երբ վտանգուած է մեր պետականութիւնը, կ’երերին մեր ինքնութեան հիմնասիւները եւ յենասիւները։ Սփիւռքը, որուն ներուժը կը կայանայ բազմազանութեան եւ միասնական որոշումներ առնելու կարողականութեան մէջ, ըսելիք ունի աշխարհին։ Սփիւռքը անտեսանելի զօրքն է հայութեան, իսկ Արցախը մեր կոտտացող վէրքն է, ինչպէս՝ Արեւմտահայաստանը։ Սփիւռքը պէտք է շարժի, վերատեսութեան ենթարկելով շատ մը բաներ, որոնց մասին խօսուեցաւ եւ որոշումներ առնուեցան։ Այս բոլորը՝ կառչած մնալով մեր արմատներուն եւ հաւատալիքներուն, աչքերը յառած դէպի նոր լուծումներ եւ հայրենի հորիզոն։
Քննարկումի նիւթ դարձան եւ առաջարկներ ներկայացուեցան հետեւեալ հիմնահարցերու շուրջ՝ Հայաստանի անվտանգութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը, Արցախեան հիմնահարցը, գերիներու ազատագրումը, Արցախի ժողովուրդի եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, Սփիւռքի կենսագործող ուժին հաստատումը, հայ ժողովուրդի մշակութային եւ հոգեւոր համակարգը, երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութիւնը եւ Սփիւռքի մասնակցութիւնը՝ հայրենի տարածքէն եւ կեանքէն ներս։ Բնականաբար մեր միասնականութիւնը խարսխելով ազգային արժէքներու եւ պետականութեան ամրապնդման տեսլականին վրայ. առանց շփոթելու պետութիւն եւ իշխանութիւն հասկացութիւնները։
Սփիւռքի զօրաշարժը պէտք է հզօրանայ եւ վարարի՝ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան։
Սեն գետը, որուն ափերէն անցած էին տարագիր հայեր՝ պանդխտացած եւ յուսահատ քայլերով, պահ մը կորսնցուց իր հանդարտութիւնը, լացակումած, լուռ օրօրեց գլուխը, շարունակելով իր կայտառ հոսքը։ Իսկ Կոմիտաս վարդապետ կողքի մանչուկին հետ անցաւ ընթերցանութեան՝ պուրակին մէջ գտնուող իր երբեմնի ընթերցասենեակը։
Անձրեւը մեղմիկ, շարականացած մեղեդիով կը հանգչէր մեր ուսերուն, զգաստացնելով եւ նոր իւղով օծելով մեզ՝ սրբացած ուխտավայրէն ներս…