Տեղի ունեցած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովը․ քննարկուած է եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը
- (0)

Մարտ 10-13-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովը։
Ժողովին մասնակցած եպիսկոպոսները քննարկած են Հայոց Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման առնչուած հարցեր։ Խորհուրդը ընդգծած է, որ եկեղեցական կեանքին մէջ առկայ խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս օրինական եւ եկեղեցական-կանոնական ճանապարհով։
Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան զեկուցած է Աւստրիոյ Սանկտ-Փյոլթըն քաղաքին մէջ փետրուար 17-19-ին գումարուած եպիսկոպոսական հաւաքի մասին։
Մասեացոտնի թեմին մէջ առաջնորդի պաշտօնանկութենէն ետք ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցած է թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Ռուբէն վարդապետ Զարգարեան։ «Նշուած է, որ կարգալոյծ եղած Արման Սարոյեան իշխանութեան մարմիններու ապօրինի աջակցութեամբ կը խոչընդոտէ թեմի հովուական, կանոնական եւ վարչական գործունէութիւնը՝ լարուածութիւն ստեղծելով հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու շրջանակին մէջ»։
Մայր Աթոռի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ անդրադարձ կատարուած է նաեւ վերջին շրջանին իշխանութիւններու կողմէ ներկայացուած օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն եւ ենթաօրէնսդրական ակտերուն, «որոնք կը սահմանափակեն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակն ու գործունէութիւնը, իսկ անոնց արծարծումը կը դիտուի իբրեւ պատրուակ հակաեկեղեցական թեզերու բարձրաձայնման եւ անարգել տարածման համար»։ Ժողովի մասնակիցները արձանագրած են, որ նման նախաձեռնութիւնները կը խաթարեն եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու սահմանադրական հիմքերը, մասնաւորաբար՝ խղճի եւ կրօնի ազատութեան իրաւունքը։
«ԳՀԽ-ն մերժելի նկատեց նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ 2026 թուականի մարտ 11-ի ելոյթին ընթացքին Հայոց Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան հասցէին հնչեցուած մեղադրական շինծու վերագրումները՝ «օտար ազդեցութեան գործակալ», «պատերազմի կուսակցութիւն» եւ այլն, որոնց միջոցով ակնյայտօրէն փորձ կը կատարուի արդարացման հիմքեր ստեղծել Եկեղեցւոյ նկատմամբ ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած անօրէն գործողութիւններուն եւ ծրագրուող հետագայ բռնաճնշումներուն համար»,— նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Զինուած ուժերուն մէջ հոգեւոր ծառայութեան դադարեցման հարցին։ Խորհուրդը հաստատած է, որ Պաշտպանութեան նախարարին որոշումը կը հակասէ ՀՀ Սահմանադրութեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու մասին» օրէնքի դրոյթներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան համապատասխան որոշման, որոնցմով ամրագրուած է հոգեւոր սպասաւորներու ծառայութիւնը Զինուած ուժերուն մէջ։
Կարեւորելով գնդերեցներու ծառայութեան նշանակութիւնը բանակի հոգեւոր եւ բարոյահոգեբանական մթնոլորտի առողջացման գործին մէջ՝ անհրաժեշտ նկատուած է քննարկել ծառայութեան նոր կարգաւորումները եւ գտնել զանոնք օրինական դաշտ վերադարձնելու ուղիները։