Բրիտանական խորհրդարանը կը քննէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը
- (0)

Փետրուար 23-ին Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ ընթացք առաւ «Ջնջելով անցեալը․ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում» խորագիրով խորհրդարանական հետաքննութիւն մը, որուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել 2023 թուականէն ի վեր Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման փաստերը եւ գնահատել մինչ այժմ արձանագրուած իրաւական արձագանգները։ Այս մասին կը հաղորդէ Մեծ Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձանխումբը։
Հետաքննութիւնը նաեւ պիտի քննէ արդարութեան եւ հաշուետուութեան հասնելու հնարաւոր ուղիները՝ միջազգային իրաւական գործիքակազմի եւ պետական կառոյցներու ներգրաւմամբ։
Առաջին նիստին ելոյթ ունեցաւ «Արցախի միութիւն» կազմակերպութեան նախագահ, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան, որ ներկայացուց մշակութային կոթողներու համակարգուած ոչնչացման վերաբերող մտահոգիչ տուեալներ։
Գործընթացը կ’իրականացուի Միջազգային փաստաբաններու ասոցիացիայի Մարդու իրաւունքներու հիմնարկին (IBAHRI) նախաձեռնութեամբ՝ համագործակցութեամբ Միջազգային իրաւունքի, արդարադատութեան եւ հաշուետուութեան հարցերով համակուսակցական խորհրդարանական խումբին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հարցերով համակուսակցական խորհրդարանական խումբին հետ։
Հետաքննութիւնը պիտի ընթանայ հինգ փուլերով՝ ընդգրկելով մշակութային ոչնչացման վերաբերեալ ապացոյցներու եւ առկայ իրաւական արձագանգներու քարտէզագրումը, դիմումներու ընդունման գործընթացը, փորձագէտներու եւ վկաներու մասնակցութեամբ հանրային լսումները, վերջնական զեկոյցի հրապարակումը, ինչպէս նաեւ շարունակական քննարկումներ Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան եւ միջազգային հաստատութիւններու հետ։