Լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026 թուականի առաջին համարը
- (0)

ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը 2026-ի նոր տարեշրջանը կը սկսի հայութեան դիմագրաւած դժուարին մարտահրաւէրներուն շիտակ, անկեղծ եւ համարձակ արձագանգելու յանձնառութեամբ։ Նոր տարուան առաջին համարի «Առաջնորդող»-ը նուիրուած է ազգային-պետական կեանքին դիմագրաւած ու սպասուող փորձութիւններուն, որուն կը յաջորդէ 2025 թուականի ամփոփումը կատարող Անի Մելքոնեանի յօդուածը, որ ընթերցողին կը յիշեցնէ անցնող տարուան քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւնները։
Նկատի ունենալով դրացի ու բարեկամ Իրանի մէջ տեղի ունեցածը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վրայ հնարաւոր զարգացումներուն ունեցած ազդեցութիւնը, «Դրօշակ»-ը կը շարունակէ ուշիուշով հետեւիլ այդ ընթացքներուն։ Այս թիւը եւս, մի քանի յօդուածներով, զանազան տեսանկիւներէ կը լուսաբանէ այդ անցուդարձը։
«Գաղափարական» խորագրին տակ Արամ Շահնազարեան կը քննարկէ ՀՅԴ երկու տեսաբաններ՝ զուգահեռաբար ներկայացնելով որոշակի հարցերու շուրջ անոնց տեսակէտներուն միջեւ եղած առնչութիւնները։ Ա. Շահնազարեան կը գրէ․ «Վարանդեանի «Համաժողովրդական բանակ» տեսութիւնը եւ Խաժակի «Ազգի ու ազգային գաղափարախօսութեան» ըմբռնումը, որպէս հայ քաղաքական մտածողութեան արգասիքներ, կը միաւորուին մէկ ամբողջական համակարգի մէջ, ուր պաշտպանութիւնը, քաղաքական կամքը եւ ազգային ինքնագիտակցութիւնը կը դրսեւորուին որպէս փոխկապակցուած ու անբաժանելի սկզբունքներ»։ Ժամանակի նշանաւոր ազգային գաղափարախօսներ Գարեգին Խաժակի եւ Միքայէլ Վարանդեանի տեսական դատողութիւններուն անդրադառնալով՝ հեղինակը կը բացայայտէ, թէ որքան արդիական են անոնք այսօրուան մեր ազգային ու պետական կեանքին համար։
Ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեան կը քննէ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի՝ 1948 թուականին ընդունած պայմանադրութիւնը՝ ներկայացնելով փաստաթուղթին այն իրաւական բացերն ու հայեցակարգային թերութիւնները, որոնցմէ օգտուելով՝ այսօր իսկ աշխարհի մէջ կը շարունակուին ցեղասպանական գործողութիւններ։ Մատնանշելով այդ փաստաթուղթին շարք մը հիմնարար բացերը՝ հեղինակը կ՚եզրակացնէ, որ հասունցած անհրաժեշտութիւն մըն է պայմանադրութեան վերանայման ու կատարելագործման հարցը։
Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան 2025 թուականին յօդուածաշարքով «Դրօշակ»-ի ընթերցողին ներկայացուց համշենահայութեան ինքնապաշտպանական պայքարը Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման շրջանին։ Այս թեմայէն բխելով՝ «Դրօշակ»-ի այս համարին մէջ, Ալվրցեան կը ներկայացնէ կազմակերպուած վրիժառութեան այն կառոյցը, որուն միջոցով, տակաւին ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ որոշուած «Յատուկ գործ»-էն առաջ, համշենահայ քաջ հայորդիները Համշէնի տարածքին մէջ կը պատժէին տեղւոյն հայութեան կոտորածներուն մէջ աչքի ինկած թուրք ոճրագործները։
Եզրափակելով ընդհանուր անդրադարձը՝ «Դրօշակ»-ի ընթերցողին կը տեղեկացնենք, որ թերթի այս համարին մէջ կարելի է գտնել նաեւ այլ հետաքրքրական հրապարակումներ։
