Գեղամ Մանուկեան կը քննադատէ Փաշինեանի ելոյթը՝ բանակի օրուան առիթով
- (0)

ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտնած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքը՝ արտասանուած ՀՀ զինուած ուժերու կազմաւորման 34-րդ տարեդարձին նուիրուած պաշտօնական նիստին, իր բնոյթով «ապտակ մը» եղած է զինուորականութեան հասցէին։
Մանուկեանի կարծիքով՝ իշխանութիւնները նպատակադրուած կերպով փորձած են նուազեցնել բանակի կազմաւորման օրուան նշանակութիւնը՝ յունուար 27-ը հռչակելով «Հանուն հայրենիքի նահատակներու օր»։
Դաշնակցական պատգամաւորը նշած է նաեւ, որ այս տարի բանակի օրուան կապակցութեամբ չէ կազմակերպուած աւանդական պաշտօնական պարգեւատրման արարողութիւնը, իսկ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ բացակայած են համապատասխան միջոցառումներէն։
Ան ընդգծած է, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ իրականացուած միջոցառումը, որ ներկայացուած էր իբրեւ հանդիսաւոր նիստ, իրականութեան մէջ վերածուած է վարչապետ Փաշինեանի մօտաւորապէս 30 րոպէ տեւող դասախօսութեան՝ զինուորականներուն ուղղուած։
Մանուկեան քննադատութեան ենթարկած է նաեւ վարչապետին կողմէ յաճախ շօշափուող «Դ-30» հրետանային համակարգերու հարցը՝ շեշտելով, թէ այդ համակարգերով բանակը շուրջ երեք տասնամեակ շարունակ կերտած է ազատագրական եւ հերոսական ուղի։
Ան անդրադարձած է նաեւ բանակի համազգեստի փոփոխութեան թեմային՝ նշելով, որ վարչապետը տարիներէ ի վեր կը կրկնէ այդ խոստումը, սակայն գործնական իրականացման քայլեր չեն ձեռնարկուած։
Վարչապետի ելոյթին ամենաշատ քննարկուած բաժիներէն մէկուն մասին խօսելով՝ Մանուկեան ըսած է, որ Փաշինեան պետական պարտքի աճը պայմանաւորած է երկու հանգամանքով՝ բանակի սպառազինութեան գնումներով եւ արցախցիներու կարիքներու հոգացմամբ, ինչ որ պատգամաւորը գնահատած է որպէս «ցինիզմ»։
Մանուկեանի աւելցուցած է, թէ վարչապետը փաստացի ընդունած է, որ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթով ճանչցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ այդպիսով ուրանալով Արցախը, ինչ որ իր հերթին պատճառ դարձած է 2023 թուականի Սեպտեմբերին Արցախի դէմ իրականացուած ագրեսիային։
«Արցախի պաշտպանութեան բանակը, կամաւորական ջոկատները եւ արցախահայ բնակչութիւնը մնացին միայնակ՝ ատրպէյճանական հզօր բանակին դիմաց, Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ դավաճանուած»,– ընդգծած է պատգամաւորը։
Գեղամ Մանուկեանի համոզմամբ՝ իշխանութիւնները ամէն ջանք գործադրած են բանակի օրը ստուերելու համար։ Ան աւելցուցած է, որ իրավիճակէն ելք գտնելը հնարաւոր է, սակայն այդ հարցը կը պահանջէ առանձին քննարկում։
Ի դէպ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, զինուած ուժերու կազմաւորման 34-րդ տարեդարձին առիթով Պաշտպանութեան նախարարութիւն կատարած այցելութեան ընթացքին, յայտարարած է, թէ «միջազգային օրինականութիւնը դրուած է բանակէն առաջ»՝ ընդգծելով, որ առանց այդ օրինականութեան հայոց բանակի բարեփոխումները կարելի պիտի չըլլար իրականացնել։