Սա ընդամենը Փաշինեանի վրեժխնդրութեան եւ փոքրոգութեան հերթական դրսեւորումն է. Իշխան Սաղաթելեան

Դատախազութենէն ստացած եմ ծանուցում՝ ինծի, իմ ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն պատկանող մի շարք գոյքերու բռնագանձման, իրականութեան մէջ՝ խլման վարոյթ սկսելու վերաբերեալ։

Ծանուցման ծանօթանալէն ետք կը մնայ միայն ծիծաղիլ պատուէրը տուողներուն վրայ եւ խղճալ զայն իրականացնողները։

Այս պահուն միայն նշեմ, որ դատախազութիւնը անտրամաբանական եւ ապօրինի հիմնաւորումներով «ապօրինի գոյք» է որակած իմ, իմ ընտանիքի անդամներուն եւ անոնց տարիներու աշխատանքի արդիւնքով ստեղծուած, օրինական սեփականութիւն հանդիսացող գոյքերը՝ ընդամենը հանրութեան մը ցանկ ներկայացնելու եւ հերթական շոու բեմադրելու նպատակով։

Սա ընդամենը Փաշինեանի վրեժխնդրութեան եւ փոքրոգութեան հերթական դրսեւորումն է։

Ես մտահոգուելու որեւէ խնդիր չունիմ. որքան ուզէք ստուգեցէք եւ ուսումնասիրեցէք, իմ ունեցած ամէն ինչին ետեւը իմ եւ իմ ընտանիքի անդամներուն տարիներու քրտնաջան, արդար աշխատանքն է, իսկ դուք եւ ձեր շրջապատը մտածելու եւ բացատրելու շատ բան ունիք։

Վերջապէս, ես, ի տարբերութիւն ձեզ, մարդոց շանտաժով չեմ շորթած, պատուէրով յօդուածներ չեմ գրած, պետական թենտէրներ չեմ շահած, բարձր պաշտօն ալ չեմ զբաղեցուցած (ընդամենը 4 ամիս՝ 2018 թուականի յունիս-հոկտեմբերին, Գեղարքունիքի մարզպետ), որով կրնայի ապօրինի հարստանալ։

Հ.Գ. Տարիներ շարունակ հանրայնօրէն չեմ խօսած իմ ընտանիքի կատարած աշխատանքի, ստեղծած աշխատատեղերուն եւ պետութեան վճարած հարկերուն մասին։

Սակայն ստեղծուած իրավիճակը, երեւի թէ, լաւագոյն առիթն է այդ ամէնքին անդրադառնալու եւ հանրութեան մանրամասն փաստերով ներկայացնելու համար, որ անպայման պիտի ընեմ յառաջիկային։

Պարզապէս թոյլ չեմ տարու արատաւորել եւ պիտակաւորել իմ ընտանիքի տարիներու վաստակն ու անունը։

Իշխան Սաղաթելեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ,
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր