Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու Բիւրոյի ժողովին
- (0)

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու (YES) Բիւրոյի ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ՝ Դեկտեմբեր 12-էն 14-ին։ Մեր պատուիրակութիւնը ներկայացուց Արփիար Մելիքճեան, Հ.Յ.Դ. Նիտերլանտներու Գարեգին Նժդեհ Երիտասարդական Միութեան անդամ։
Ժողովի ընթացքին, մեր ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ քաղաքական ընդդիմութեան գործունէութեան սահմանափակման, ներկայ վարչակարգին կողմէ իրականացուող քաղաքական հետապնդման, ինչպէս նաեւ մեր ընկերներու բանտարկութեան հարցերուն։ Երկրի զեկոյցին մէջ, ան շեշտեց Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ աբօրինաբար պահուող 23 հայ պատանդներու շարունակուող կալանքը՝ կոչ ուղղելով անոնց անհապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակման։
Աւելին, զեկոյցը վերահաստատեց Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրենց հայրենիք վերադառնալու անժամանցելի իրաւունքը եւ ինքնորոշման իրաւունքը։ Մեր ներկայացուցիչը ընդգծեց Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ 2023 թուականի ցեղային զտման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման համար։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու ըլլալ YES-ի կառուցողական, ներգրաւուած եւ գործունեայ լիիրաւ անդամ, համագործակցելով՝ արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, Եւրոպական Միութեան մէջ եւ Եւրոպայի հարեւան տարածաշրջաններուն մէջ։
Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք YES-ին՝ ցուցաբերած աջակցութեան եւ կառուցողական Բիւրոյի ժողովին համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալ ենք հիւրընկալ կազմակերպութեան՝ JS Belgium-ին, իրենց նուիրուած աշխատանքին համար։