Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը գումարուեցաւ՝ նոր կազմով

Դեկտեմբերի 18-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը՝ նոր կազմով։

Մայր աթոռը նախապէս յայտարարած էր, որ նկատի ունենալով, որ 2017-էն ի վեր առարկայական պատճառներով կարելի չէր եղած գումարել Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողով, վեհափառ հայրապետը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կանոնադրութեան 7-րդ յօդուածին համաձայն, կատարած է խորհուրդի կազմի անդամներու փոփոխութիւն։

Առ այդ՝ կաթողիկոսի որոշումով Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդէն հեռացուած են Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, Մասեացոտն թեմի առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան եւ Պալթեան երկիրներու թեմի առաջնորդ Վազգէն արքեպիսկոպոս Միրզախանեան։

Հեռացուած անդամներուն պիտի փոխարինեն Սիւնիքի թեմի առաջնորդ Տէր Մակար եպիսկոպոս Յակոբեան, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տէր Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան։