Կանոնազանց եպիսկոպոսները Գարեգին Վեհաբառի հրաժարականը կը պահանջեն

Նիկոլ Փաշինեանի հետ վերջերս հանդիպած կանոնազանց եպիսկոպոսները ստորագրահաւաք մը սկսած են՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հրաժարականը պահանջելու նպատակով։

«Կը միանամ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին հանգստեան կոչելու, կաթողիկոսական տեղապահ ընտրելու եւ նոր կաթողիկոսական ընտրութիւններ կազմակերպելու պահանջին»,– կը նշուի պահանջին մէջ։

Պահանջը հրապարակուած է barenorogum.am կայքէջին վրայ, որ բացուած է օրեր առաջ։