Արշակ Սրբազանը ձերբակալուած է

ԱԱԾ-ի կողմէ քննչական կոմիտէի շէնքին մէջ ձերբակալուած է Արշակ Սրբազանը։ Տեղեկութիւնը հաղորդած է անոր իրաւապաշտպանը՝ Արսէն Պաբայեան։

Նախօրէին գումարուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետը յայտարարեց, թէ ինք չի նախատեսեր հեռանալ։ Ան իր նկատմամբ կատարուող հետապնդումները եւ արշաւը կապեց իշխանութիւններու քաղաքականութեան նկատմամբ ունեցած իր դիրքորոշումին։