«Այսօր իշխանութիւնը վերածուած է քաղաքական հետապնդումներու, հալածանքներու եւ հաշուեյարդարի բացայայտ գործիքի»․ Սեյրան Օհանեան

«Այսօր իշխանութիւնը վերածուած է քաղաքական հետապնդումներու, հալածանքներու եւ հաշուեյարդարի բացայայտ գործիքի։ Իշխող վարչախումբի քայլերը միտուած են երկրին մէջ վախի մթնոլորտ սերմանելուն, իշխանութիւնը ամեն գնով պահպանելուն, որոնք անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնեն իրաւական պետութեան հիմքերու խաթարումին եւ սահմանադրականութեան վերջնական տապալման»․ այս մասին յայտարարեց ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սեյրան Օհանեան՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղբանտարկեալներու եւ անոնց խախտուած իրաւունքներու վերականգնման մասին» խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին։

Նշենք, որ ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ շրջանառութեան մէջ դրուած է ԱԺ յայտարարութեան նախագիծ մը, եւ զայն ամբողջացնելու համար կազմակերպուած են վերոնշեալ լսումները։

Սեյրան Օհանեան ըսաւ․ «Լսումներու հիմքը կազմած է Հայաստանի մէջ արձանագրուած ժողովրդավարութեան յետընթացը, խօսքի, խղճի եւ քաղաքական հաւաքներու ազատութեան կոպիտ ոտնահարումները, զանգուածային լրատուամիջոցներու վրայ գործադրուած ճնշումները եւ շինծու քրէական գործերու յարուցումը՝ քաղաքական այլ մտածողութիւն ունեցող գործիչներու եւ քաղաքացիներու դէմ»։

«Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարը նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը քննարկուած է նաեւ «Պատիւ ունիմ» խմբակցութեան հետ եւ Ազգային Ժողովի պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովին մէջ։

Լսումներուն հրաւիրուած էր նաեւ ՀՀ գլխաւոր դատախազը, որ սակայն չէր մասնակցած՝ հակառակ այն իրողութեան, որ «առաջին պատասխանատուն ինքն է»,- ըսաւ Օհանեան։

Նշենք, որ լսումներուն ներկայ գտնուած է ԱՄՆ դեսպանութեան քաղաքական բաժնի ներկայացուցիչը։