Ատրպէյճանցի Դատախազը Պահանջած է Ցմահ Բանտարկութիւն Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Դաւիթ Պապայեանի Համար
- (0)

Պաքուի դատարանին մէջ շարունակուած է ապօրինաբար պահուող Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ միւս գերիներուն գործով դատական նիստը։
Ըստ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, գլխւոր դատախազը պահանջած է ցմահ բանտարկութիւն Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Պապայեանի համար։
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն՝ դատախազը 20 տարուան ազատազրկում պահանջած է Արցախի նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի, ինչպէս նաեւ միւս տարեց գերիներուն համար, իսկ մնացեալներուն՝ 16-19 տարուան ազատազրկում։
Յիշեցնենք, որ դատարանի առաջ կը կանգնին 15 հայ նախկին պաշտօնեաներ եւ քաղաքացիական անձինք՝ Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան, Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, Պաշտպանութեան բանակի շտապի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեան, արտգործնախարարութեան նախկին ղեկավար Դաւիթ Պապայեան, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անձինք՝ Վասիլի Պէգլարեան, Էրիք Ղազարեան, Դաւիթ Ալավերդեան, Գուրգէն Ստեփանեան, Լեւոն Պալայեան, Մադաթ Բաբայեան, Կարիկ Մարտիրոսեան եւ Մելիքսէթ Փաշայեան։ Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործը կը քննուի առանձին։